Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Յունիս 3-ի երեկոյեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն առնչութեամբ:
Նախագահը ընդհանուր գիծերով կաթողիկոսին ներկայացուց տիրող կացութիւնն ու անոր դրդապատճառները: Արամ Ա., իր զօրակցութիւնը յայտնելով նախագահին եւ Արցախի ժողովուրդին, շեշտեց, որ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները վստահաբար մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները ու Արցախի իշխանութիւնը, փոխադարձ հասկացողութեամբ, պիտի առաջնորդեն խոհեմութեան ու զգօնութեան` հեռու մնալով այնպիսի մթնոլորտէ, որ կրնայ վնասել Արցախի անվտանգութիւնը: