Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Նախարար Մնացականեան Հանդիպեցաւ Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Յունիս 1-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեան ընդունեց Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի` 14 պետութիւններէ ժամանած մասնակիցները:

Ողջունելով սփիւռքահայ լրագրողները` նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ արտերկրի հայ լրատուամիջոցները մեծ ներդրում ունին Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ապրապնդման գործին մէջ: Նախարարը շեշտեց նման ձեւաչափով հանդիպումներու կարեւորութիւնը, որոնք լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն արտերկիր բնակող հայրենակիցներուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին տեղեկացնելու առումով:

ԱԳՆ ղեկավարը լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները` նշելով միջազգային օրակարգի խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, մանրամասն անդրադարձ կատարեց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին, ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն:

Զօհրապ Մնացականեան պատասխանեց լրագրողներու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին նոր պայմաններու մէջ Հայաստանի կողմէ վարուող արտաքին քաղաքականութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին