Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

2018-ի Մայիսի վերջին շաբաթավերջին  յաջորդաբար տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բողբոջ եւ կոկոն դասարաններու աւարտական հանդէսները:

Վարժարանի շրջափակին մէջ տօնական տրամադրութիւններով կայացած զոյգ հանդէսները յաջողեցան յստակ պատկերացում մը փոխանցել այն ծրագրին մասին, որուն հետեւցան Մեսրոպեան մանկապարտէզի փոքրիկները անցած տարուան ընթացքին:

Հանդէսներու բացումին բողբոջներն ու կոկոնները հնչեցուցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները, արտասանեցին բացման խօսքեր (հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն), կատարեցին խմբային երգեր՝ դարձեալ երեք լեզուներով եւ խանդավառեցին ներկաները զանազան մշակոյթներ ներկայացնող իրենց պարերով եւ դերասանական մատղաշ ձիրքերով:

Հանդէսներուն խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան: Տնօրէնը գնահատեց մանկապարտէզի պատասխանատուին եւ աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը՝ ուղղուած դեռատի հայ մանուկներուն համար կրթութեան լաւագոյն միջավայր ապահովելուն եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը՝ այդ միջավայրի պահպանելուն եւ զարգացնելուն նկատմամբ:

Պարոն Կ. Գալուստ ըսաւ, որ Մեսրոպեանը` իր հիմնադրութեան 80-ամեակին ընդառաջ, յաջորդ տարուընէ սկսեալ զգալիօրէն պիտի բարելաւէ իր կրթական ծրագիրները. անգլերէնի ուսուցումը պիտի սկսի մանկապարտէզէն, զարկ պիտի տրուի արհեստագիտութեան ուսուցման, պիտի բարելաւուին  հայերէնի ուսուցման եղանակները, պիտի գործադրուի նոր մօտեցում` աշակերտներու նկարագրային զարգացման եւ դաստիարակութեան մէջ, հիմնովին պիտի բարեփոխուի քննութիւններու եւ գնահատականներու դրութիւնը:

Տիկին Թերզեան իր հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Մեսրոպեանի բողբոջներն ու կոկոնները կ՛ընթանան մտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման առողջ ճանապարհով, եւ ինչպէս սոյն հանդէսները վկայեցին, արդէն կարող են ներկայանալ համարձակ խօսքով ու շարժումով,  արթնցնելով ուրախութեան եւ  բաւարարութեան զգացումներ: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանի փոքրիկները արդէն իսկ կատարած են իրենց առաջին քայլերը դաստիարակութեան մը մէջ, որուն նպատակն է զանոնք պատրաստել որպէս ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին