Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Արտերկիր Գտնուող Զինակոչիկներուն Ուղղուած ՀՀ Վարչապետի Կոչին Արդէն Իսկ Արձագանգողներ Կան

Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս գտնուող զինակոչիկներուն ուղղուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին՝ վերադառնալու հայրենիք եւ մեկնելու զինծառայութեան, արդէն իսկ արձագանգողներ կան: Այդ մասին, այսօրուան կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան, կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Այո՛, ունինք դիմումներ արտերկիր գտնուող մեր հայրենակիցներէն, բայց գործերը դիտարկուած են անհատական։ Նաեւ վարչապետը յանձնարարական տուած է, որ հետախուզման մէջ գտնուող քաղաքացիներու պարագային, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն ծառայելու մեր Զինուած ուժերուն մէջ, դիւրացուած ձեւով հետախուզումը աւարտի եւ անոնք զինակոչուին»,- ըսաւ նախարարը:

Անդրադառնալով Ապրիլ 23-ին ներքաղաքական լարուածութեան ժամանակ ցոյցերուն միացած ԶՈւ խաղաղապահ բաժանմունքի զինծառայողներու ճակատագիրին՝ նախարարը նշեց, որ որոշումները պիտի կայացուին ծառայողական քննութեան արդիւնքներուն հիման վրայ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի պաշտօնավարման ժամանակ յայտարարած էր, որ «խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ բաժանմունքի խումբ մը զինծառայողներու մասնակցութիւնը Երեւանի մէջ օրէնքով սահմանուած կարգի խախտումով կազմակերպուած հաւաքին»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին