Աղէտի գօտիի բնակավայրերուն մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարանային խնդիրներու լուծման նպատակով, Լոռիի մարզի գիւղական բնակավայրերուն մէջ ծրագիրի շահառու ճանչցուած 44 ընտանիքի բնակարանային խնդիրներու լուծման խնդրով ձեւաւորուած պարտաւորութիւններու կատարումը ապահովելու միտումով կառավարութիւնը ընդունեց համապատասխան որոշում: Այս մասին կը հաղորդէ «Armenpress.am»-ը։
ՀՀ քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան նշեց, որ ըստ այդմ՝ ամրագրուած են ՀՀ 2018-ի պետական պիւտճէով ծրագիրի իրականացման յատկացուած 458 միլիոն դրամ յատկացումներու հաշուին շահառուներուն տրամադրուող պետական աջակցութեան մօտեցումներու եւ աջակցութեան տրամադրման գործընթացին հետ կապուած հարցերը:
Մասնաւորապէս, որոշումով կ’առաջարկուի վերը նշուած միջոցներէն 451 միլիոն 919 հազար դրամը ուղղել Լոռիի մարզի բնակավայրերուն մէջ ծրագիրի շահառու ճանչցուած՝ առաւել բարձր պատրաստակամութեան բնակելի կիսակառույց տուներ ունեցող 44 ընտանիքի բնակարանային խնդիրի լուծման նպատակով անոնց նիւթական աջակցութեան տրամադրման:
Նարեկ Սարգսեան նշեց, որ 2008-ին հաշուառուած է, որ Հայաստանի մէջ կայ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած 5400 ընտանիք, որուն 4900-ի խնդիրը լուծուած է այս տարիներուն ընթացքին. Դեռ 500 ընտանիքի խնդիր կը մնայ չլուծուած: «Խօսքը Շիրակի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզերուն մասին է»,- ըսաւ ան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատեց, որ աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացուած չէ:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, իր հերթին, նկատեց, որ, ցաւօք, այդ հաշուարկներուն մէջ հաշուի չեն առնուած Կիւմրի քաղաքին մէջ աւերուած սեփական տուները, որոնք կը հասնին քանի մը հարիւրի: