Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Մէջ Ազատամարտիկներու Նախաձեռնութեամբ Կազմակերպուած Է Խաղաղ Հանրահաւաք

Արցախի ազատամարտիկներու նախաձեռնութեամբ Յունիս 3-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպուած է խաղաղ հանրահաւաք:

Ելոյթով հանդէս եկած է Արցախի հերոս, ԱԺ պատգամաւոր, ԱՀ Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ          օրինապահպանութեան մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեանը: Ան մասնաւորապէս նշած է, որ Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն երթեւեկելի հատուածը փակած խումբ մը երիտասարդներու բողոքի ցոյցը որոշ մարդոց կողմէ փորձ կը կատարուի վերածել քաղաքական շարժումի, ինչ որ կրնայ շատ վտանգաւոր դառնալ Արցախի միասնականութեան եւ անվտանգութեան համար:

«Կենցաղային վէճ, կռիւ տեղի ունեցած է խումբ մը տղաներու միջեւ, որ վայել չէ արցախցիներուս եւ մեծապէս դատապարտելի: Մեր ստեղծած պետութեան իրաւական մարմինները համապատասխան գործողութիւններ կատարած են: Ես կը հաւաստիացնեմ, որ երեկոյեան ժամը 05:00-ին պատահած դէպքի բոլոր մասնակիցները, բացի անոնցմէ, որ հիւանդանոցը պառկած կամ ձերբակալուած են, քննութեան կ’ենթարկուին: Այսօր մենք հաւաքուած ենք այստեղ, որպէսզի այդ քննութիւնը ամենայն արդարութեամբ իրականանայ»,- նշած է Ժաննա Գալստեանը:

Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Արցախի ազատամարտիկներ, որոնք եւս դատապարտած են Ստեփանակերտի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Բողոքի  հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը եւ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Վահան Պատասեանը: Բացի կենցաղային խնդիրներէ, վերջիններուս կողմէ հնչած են նաեւ քաղաքական բնոյթի շարք մը յայտարարութիւններ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին