Մայիս 25-ը նշանաւոր օր էր Պոլսոյ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանին կից գործող «Գարուն» մանկապարտէզին համար: Մանկապարտէզի սաները ուսուցիչներ` Մարգարիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Ժաննա Մելքոնեանի անմիջական ղեկավարութեամբ հրաժեշտի հանդէս ներկայացուցին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նարինէ Սողոմոնեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի փոխտնօրէնուհի Լիլիթ Պօղոսեան, որ շնորհաւորեց ծնողներն ու բարի երթ մաղթեց փոքրիկներուն:
Մանկական երգ ու պարի աշխոյժ տրամադրութիւնը կը թեւածէր դահլիճէն ներս: Ծնողները մեծ յուզումով կը հետեւէին իրենց երեխաներու ելոյթին, որոնք կը պատրաստուին ոտք դնել գետելիքի անեզր աշխարհ: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնն ունեցան պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ` տէր Շիրվան քահանան, Նատիա Գէոսէօղլուն, Գարին Թիրզեան, Մարքրիթ Աթմաջան, Ռաքէլ Տինքը, Թալին Սիւզմեն, Աւետիս Հիլքաթը:
Դպրոցի տնօրէնուհի տիկին Հերիքնազ Աւագեան յանձնեց երեխաներու աւարտական վկայականները, իսկ հոգաբարձուներ` Արտօ եւ Դալար Հորոզօղլուներու յանձնած նուէրները մեծ ուրախութիւն պատճառեցին երեխաներուն:
Սեպտեմբերէն այս սաները Հրանդ Տինք դպրոցի պատմութեան մէջ իրենց նոր էջը պիտի բանան: