Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Նախագահը Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Կամ Դադրեցնելու Լիազօրութիւնը Կրնայ Իրացնել Բացառապէս Օրէնքով Սահմանուած Կարգով

Վերջերս խումբ մը արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ բաց նամակով դիմած էին ՀՀ նախագահին`  Ժիրայր  Սէֆիլեանին ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցով: Անոնք կը պահանջէին  ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու վերաբերեալ Ժիրայր Սէֆիլեանի 2004-ի ներկայացուցած առաջին դիմումը համարել իրաւական ուժը պահպանած եւ իրաւապատշաճ պատասխան ակնկալող փաստաթուղթ եւ անոր ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհել: «Արմէնփրես»-ը դիմեց ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան` հարցին հետ կապուած ՀՀ նախագահի դիրքորոշման տեղեկանալու համար:
«Գործող սահմանադրութեան 134-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ  ՀՀ  նախագահը օրէնքով սահմանուած դէպքերուն եւ կարգով կը լուծէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ հարցերը:

«Այսինքն՝  սահմանադրութեան նշուած կարգաւորման ուժով ՀՀ նախագահը քաղաքացիութիւն շնորհելու կամ դադրեցնելու հարցերու վերաբերեալ լիազօրութիւնը կրնայ իրացնել բացառապէս օրէնքով սահմանուած կարգով, իսկ, համաձայն օրէնքի նշուած կարգաւորումներու, անհրաժեշտ է անձի կողմէ նոր դիմումի ներկայացում, համապատասխան յանձնաժողովի կողմէ ատոր քննարկում, այնուհետեւ ՀՀ վարչապետի կողմէ առաջարկութեան ներկայացում ՀՀ  նախագահին»,- պարզաբանած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչութենէն միաժամանակ նշեցին, որ 2008 թուականի Նոյեմբեր 18-ի` Ժիրայր Սէֆիլեանի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու վերաբերեալ դիմումը մերժելու մասին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ՆՀ-311-Ա հրամանագիրին համար իրաւական հիմք հանդիսացած է հրամանագիրի ընդունման պահուն գործող սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 15-րդ կէտը եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 13-րդ եւ 26-րդ յօդուածները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին