Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Դեղերու Բաժանմունքի Գործունէութիւնը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը առողջապահական եւ ընկերային գործունէութիւններու կողքին ունեցած է բարգաւաճման ծրագիրներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս դեղերու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ գործադրութեան դրուեցաւ կիներու առողջապահական-դաստիարակչական-ուսուցողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է  ուսուցանել կանխարգելիչ միջոցներ, հմտութիւններ եւ գործադրել խորհուրդներ հայկական մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:

22 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ տարուան հինգերորդ հանդիպումը: Օրուան դասախօս տոքթ. Էտի Ռագուպեան ներկայացուց շինիչ եւ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը՝ «Ըմպելի  ջուրը եւ բաղադրիչ չափանիշերը» նիւթով:

            Ապա «Ճինիշեան»-ի դեղարանի պատասխանատու Տիկ. Նանոր Թաշճեան ներկայացուց «Ձիթային ողողման բարիքները» տեսաերիզ մը:

Օրուան նիւթերուն շուրջ քննարկումներ եւ վերլուծումներ տեղի ունեցան:

Այս հանդիպումը նուիրուեցաւ մայրերու մեծարումին՝ ըստ հայկական աւանդութեան: Ներկաները ուրախութեամբ հատեցին կարկանդակը, որմէ ետք իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ նուէր մը՝ «ապակեայ ՆՈՒՌ» իբրեւ օրհնաբերութեան հայկական խորհրդանիշ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին