Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հայաստան Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1970-ի Համաձայնագիրի Միջկառավարական Կոմիտէի Պիւրոյի Փոխնախագահ

Մայիս 30-31 Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայեանին մէջ ընթացող Մշակութային արժէքներու ծագման երկիր վերադարձը կամ ապօրինի իւրացման պարագային անոնց վերականգնումը խրախուսելու հարցերով՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1970-ի համաձայնագիրի միջկառավարական կոմիտէի 21-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Հայաստան ընտրուած է միջկառավարական կոմիտէի պիւրոյի փոխնախագահ` երկու տարի ժամկէտով:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ կոմիտէն կը հանդիսանայ «Մշակութային արժէքներու ապօրինի ներմուծումը, արտահանումը եւ անոնց նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցումը արգիլելու եւ կանխելու քայլերուն մասին» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1970-ի համաձայնագիրի միջկառավարական մարմին:

Հայաստան կը հանդիսանայ վերոնշեալ կոմիտէի անդամ 2017-էն` չորս տարի ժամկէտով: Պիւրոյի նախագահող ընտրուած է Մեքսիքոն։

Կոմիտէն ստեղծուած է 1978-ին կազմակերպութեան գլխաւոր խորհրդաժողովի 20-րդ նստաշրջանի համապատասխան որոշումին հիման վրայ: Համաձայն վերջինիս 2-րդ յօդուածին` կոմիտէն ունի 22 անդամ: Կոմիտէի անդամը ունի անմիջապէս վերընտրուելու հնարաւորութիւն:

Կոմիտէի կարեւոր գործառոյթներէն է նպաստել պետութիւններու բազմակողմ եւ երկկողմ համագործակցութեան մշակութային արժէքներուն` ծագման երկիր վերադարձնելու կամ անոնց վերականգնումը խրախուսելու մասով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին