Գանատայի պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Հարըլտ Ալպրեխթ Մայիս 24-ին խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առած է Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը` իր երկիրի կառավարութեան կոչ ուղղելով ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հարցին մէջ աջակցելու արցախցիներուն:
«Մենք կը նշենք Հայաստանի կատարած նշանակալի քայլերը, բայց Արցախի մէջ տիրող տագնապին շուրջ մտահոգութիւնները կը շարունակեն այժմէական ըլլալ: Արցախի բնակչութեան 80 առ հարիւրէն աւելին թեր քուէարկած է անկախութեան հանրաքուէին: Ցաւօք, Ազրպէյճան անտեսած է հանրաքուէին արդիւնքները եւ յարձակողական կերպով արձագանգած: Հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են տասնեակ հազարաւոր զոհեր, հարիւր հազարաւորներ ալ տեղահանուած են»,-«Հորիզոն»-ին համաձայն նշած է գանատացի երեսփոխանը:
Ան մատնացոյց ըրած է Պաքուի կողմէ 2016-ի Ապրիլին, ինչպէս նաեւ ամէն օր կրկնուող զինադադարի խախտումները, որոնց հետեւանքով անմեղ հայ զինուորներ կը զոհուին:
Եզրափակելով խօսքը` գանատացի երեսփոխանը հզօր ուղերձ յղած է Գանատայի կառավարութեան` կոչ ուղղելով` «կանգնելու Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդին կողքին իրենց գերիշխանութեան իրաւունքի պահպանման մէջ, ինչպէս նաեւ սերտօրէն համագործակցիլ միջազգային ընտանիքին հետ` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար»:
Մայիս 23-ին Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած խօսք արտասանած է նաեւ երեսփոխան Տոն Տէյվիսը: Ան իր գործընկերներուն յիշեցուցած է իրենց ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքարող արցախցիներու` 1991-ին կատարած անկախութեան հանրաքուէի մասին եւ մատնանշած Արցախի բնակչութեան` խաղաղութիւն հաստատելու ձգտումը: