Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 2-ին խորհրդակցութեան հրաւիրած է, որուն մասնակցած են Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալը, խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչները։
Քննարկուած են մայրաքաղաքին մէջ նախօրէին տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերող շարք մը հարցեր։
Երկրի ղեկավարը կարեւորած է մանրակրկիտ ու պատշաճ մակարդակով հետաքննութիւնը եւ ընդգծած, որ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին՝ օրէնքով սահմանուած կարգով։
Բակօ Սահակեանը շեշտած է, որ երկրին մէջ կայունութեան եւ օրինականութեան պահպանումը, սահմաններու անվտանգութեան ապահովումը բացառիկ արժէքներ են մեր ժողովուրդին եւ համայն հայութեան համար։
Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու լուծման ուղղութեամբ։
Նշենք, որ ոստիկանութեան Ստեփանակերտի քաղաքային վարչութեան հերթապահ մասը Յունիս 1-ին՝ ժամը 19:25-ին, ահազանգ ստացած է այն մասին, որ Ստեփանակերտ քաղաքի Բաղրամեան 2բ շէնքին դիմաց վիճաբանութիւն տեղի կ’ունենայ: Դէպքի վայր մեկնած զինուորական խումբը պարզած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 19:15-ի սահմաններուն, նշուած վայրին մէջ վիճաբանութիւն յառաջացած է մէկ կողմէ նոյն քաղաքի բնակիչներ՝ 1981-ի ծնունդ Դ. Հ-ի, 1983-ի ծնունդ Ա.Ա-ի, իսկ միւս կողմէ 1985-ի ծնունդ Մ.Մ-ի (ԱԱԾ ծառայող) միջեւ, որուն ընթացքին կողմերը փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրարու՝ պատճառելով մարմնական վնասուածքներ: ԱՀ ոստիկանութեան ՔՀՎ ծառայողներուն հետ համատեղ ձեռնարկուած միջոցառումներով, վիճաբանութեան մասնակցելու կասկածանքով ոստիկանութեան Ստեփանակերտի քաղաքային վարչութիւնը բերման ենթարկած է 15 քաղաքացի: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: Կը նախապատրաստուին նիւթեր ԱՀ գլխաւոր դատախազութեան յատուկ քննչական բաժին ուղարկելու համար: