Յունիս 1-ին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը ամփոփեց աշխատանքը «Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը» թեմայական նիստով, որ վարեցին «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը (Լիբանան), «Ծաղիկ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Տիւնիայեան, (Լիբանան), «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը (Չեխիա):
«Հայկական օրակարգի խնդիրները հայութեան ու Հայաստանին ուղղուած ներկայի մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու լոյսի ներքոյ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ «Լուսաւոր Աւետիս» լրատուական կայքի թղթակից Տիգրան Փաշաբեզեանը (Ֆրանսիա): Ան նշեց, որ համահայկական օրակարգը ամբողջացնելու ժամանակն է եւ առաջարկեց գործի անցնիլ առանց աւելորդ շտապողականութեան: Թեմային շուրջ ծաւալած բուռն քննարկման արդիւնքով կարեւորուեցան ազգային գաղափարախօսութեան եւ արժեհամակարգի մշակման եւ յստակեցման հետ կապուած հարցերը:
«Միաբան» տեղեկատուական գործակալութեան աշխատակից Եուլիա Գիւլոյեանը (Ռուսաստան) ելոյթ ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելք եւ Արեւմտեան Հայաստան բնակող հայրենակիցներու հետ մշակութային կապեր հաստատելու անհրաժեշտութեան մասին:
«ՀայՏեղեկատուաԿեդրոն» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Տէր Սարգսեանը (Ռուսաստան) իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ու Արեւմտեան Հայասատնի հայերու հիմնախնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները Հայկական Հարցի լուծման միջոցով:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Օրեր» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեանը (Չեխիա): Ան հանդէս եկաւ համաժողովի օրերուն հնչած ելոյթներու վերլուծութեամբ։ Նշեց, որ համաժողովի ձեւաչափը իրեն սպառած է եւ մի քանի գործնական առաջարկ ըրաւ հետագայ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ շարունակելու համար:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի փոխտնօրէն Պապին Մուրադեանը ներկայացուց Մայր Աթոռի տեղեկատուական կայքերը:
Ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկան նաեւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան փոխնախագահ Գայանէ Առաքելեանը, լրագրող Եուրի Կարապետեանը (Ռուսաստան):
Ամփոփելով համաժողովի աշխատանքը՝ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեանը նշեց, որ համաժողովին մասնակցած է Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն աւելի քան 100 լրագրող, որոնցմէ 40-ը` գլխաւոր խմբագիր: Քննարկուած է 7 թեմա, ելոյթ ունեցած է 30 մասնակից, յարակից ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկած է աւելի քան 50 լրագրող: Զեկուցողը կարեւորեց կազմակերպական եւ բովանդակային ձեւաչափի մշակումը:
Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանը աշխատանքային խումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար եւ նշեց, որ համաժողովը եւս մէկ հանգրուան հանդիսացաւ համահայկական տեղեկատուական հարթակ ստեղծելու ճանապարհին: