Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Թիֆլիսի Մէջ Հանդիպած Է Տեղի Գործարարներուն Հետ

Պաշտօնական այցով Վրաստան գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպած է վրացի եւ հայ գործարարներու հետ:

Վարչապետը նախ աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է վրացի խոշոր գործարարներու, ապա աշխատանքային ճաշ՝ այդ երկրին մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայ գործարարներու հետ:

Կառավարութեան տեղեկատուութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀ վարչապետը անոնց ներկայացուցած է տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, եւ ընդհանուր առմամբ, գործարար միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն, որոնք գործադիրը կը նախատեսէ կեանքի կոչել յառաջիկային:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր համարած է հայ-վրացական գործարար կապերու շարունակական զարգացումը:

Ան ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն աճով, համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով եւ պատրաստ է ձեռնարկելու այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի նպաստեն մեր երկրին մէջ վրացական դրամագլուխի ներկայացուածութեան ընդլայնման:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին