Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Յունիսին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը

Յունիս 2-4 Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը` նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ առաջ մղելու առաքելութեամբ:

Համաժողովը կը կազմակերպէ «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը` «Նորաձեւութեան եւ տիզայնի (ձեւաւորումի-ԵՌԳ․) պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:

Միջոցառման պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2-ին` 18:30-ին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ` «Նոյի սերունդները» հանրաճանաչ եւ սկսնակ հայ ձեւագէտներու հագուստներու ցուցադրութեամբ:

Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքին, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:

Fashion Forum Yerevan 2018-ին կ’աջակցի Եւրոպական Միութիւնը. «ԵՄ-ն` գործարարութեան համար» «Աջակցութիւն ՓՄՁ զարգացմանը Հայաստանի մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս, որ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան եւ Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ եւ կ’իրականացուի «ԳՄՀԸ Մասնաւոր հատուածի զարգացումը Հարաւային Կովկասի մէջ» ծրագրի շրջանակին մէջ:

Fashion Forum Yerevan 2018-ը եզակի հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հանդիպելու նորաձեւութեան ոլորտի առաջատար ներկայացուցիչներու, մասնագէտներու հետ եւ ուսումնասիրելու միջազգային փորձը: Սա առաջին քայլն է դէպի միջազգային նորաձեւութեան հարթակ, ուր գիտելիքը եւ կապերը յաջողութեան բանալի են:

Ֆորումին պիտի մասնակցին եւ իրենց փորձով պիտի կիսուին նորաձեւութեան ոլորտի միջազգային յայտնի փորձագէտներ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին