Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահ Սարգսեան Վիրաւոր Զինուորները Արժանապատիւ Կեանք Վերադարձնելու Անհրաժեշտութիւն Կը Տեսնէ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 29-ին այցելեց Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն՝ Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով անձամբ շնորհաւորելու կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորները: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ նախագահը կարեւոր համարեց կեդրոնին մէջ բուժում ստացող զինուորները արժանապատիւ կեանք վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը: «Մենք պետականօրէն պէտք է կազմակերպենք, որպէսզի հաշմանդամները վերադառնան արժանապատիւ կեանք եւ ո՛չ թէ իրենց ողջ կեանքը օգնութիւն ստանան: Օգնութիւն ակնկալելու հոգեբանութենէն պէտք է դուրս գալ»,- յորդորեց Արմէն Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ իր առաջարկը պիտի քննարկէ նաեւ ՀՀ վարչապետի հետ:

«Այստեղ առողջութիւնը վերականգնած մարդը, որ նաեւ այս ընթացքին ապահոված է մասնագիտական որակներ, պէտք է առաւելութիւն ստանայ գործատուներու կողմէ: Ատիկա աշխարհի մէջ ընդունուած փորձ է: Պատկերացուցէք Հայաստանի մէջ աշխատող բազմաթիւ ընկերութիւններ երեք, չորս, հինգ հոգի աշխատանքի հրաւիրեն եւ ճիշդ աշխատավարձ տան: Այս մարդիկ իրենց աշխատանքով պիտի ապրին, այլ ո՛չ թէ օգնութիւն պիտի ստանան»,- նշեց նախագահը:

Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ տղոց խնդիրները առողջութեան վերականգնումով չեն աւարտիր: «Անոնցմէ շատերը ընկերային խնդիրներ ունին, իրենց կեանքը վտանգի տակ դրած տղաները այսօր կը ստանան թոշակ, որով առողջ մարդը չի կրնար ապրիլ: Այս տղաներուն թոշակը պէտք է արժանի ըլլայ իրենց նուիրումին»,- ըսաւ Արմէն Սարգսեան:

Ան նշեց, որ բարի աշխատանքի ծաւալը պէտք է մեծնայ, եւ նման վերականգնողական կեդրոններ պէտք է գործեն նաեւ հեռաւոր շրջաններու մէջ: «Առողջապահական համակարգը պէտք է բազմապատկուի եւ Երեւանի կեդրոնէն շրջաններ երթայ: Վիրաւոր մարդոց Հայաստանի հիւսիսէն, հարաւէն, Ղարաբաղէն  այստեղ բերելը շատ դժուար է»,- ըսաւ Արմէն Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին