Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի մէկ հատուածի կառուցման համար իրանահայ բարերարներ Հենրիկ եւ Ատրինէ Տէր Ղուկասեանները կը նուիրեն 1 միլիոն 300 հազար տոլար:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` մանրամասնելով, որ, Նոյեմբերին տեղի ունենալիք դրամահաւաքին ընդառաջ, Համահայկական հիմնադրամը արդէն բարերար ընտանիքէն ստացած է մեծ նուիրատուութեան հերթական խոստումը:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ իրանահայ բարերար ամուսինները որոշումը կայացուցած են վերջերս Արցախ կատարած այցի ընթացքին` տեսնելով Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի անմխիթար վիճակը:
Նշենք, որ այս իրանահայ բարերարներու առաջին նուիրատուութիւնը չէ: