Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Վրաստանի Կառավարութիւններու Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները

Պաշտօնական այցով Վրաստան գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիսի «Հերոսներու» հրապարակ այցելութենէն ետ ուղեւորուած է կառավարութիւն: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Կիորկի Քուիրիքաշուիլիի առանձնազրոյցը, որուն ընթացքին Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները անդրադարձած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետներու առանձնազրոյցին յաջորդած է երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Վրաստանի վարչապետը ողջունած է հայաստանեան գործընկերներուն ու անգամ մը եւս շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ: Վրաստանի վարչապետը ընդգծած է, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը պատրաստ է համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու՝ ընդլայնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ եւ նոր ազդակ հաղորդելու հայ-վրացական կապերուն: «Մենք մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն: Մեր բարեկամ հայ ժողովուրդը ցուցաբերեց միասնականութիւն, որուն արդիւնքով ժողովրդավարական ճամբով տեղի ունեցաւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցում: Կ’ուզեմ վստահեցնել, որ ամէն ինչ կ’ընենք մեր յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու եւ առկայ ամբողջ ներուժը իրացնելու համար: Ունինք լաւ հնարաւորութիւն երկու բարեկամ ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն նոր փուլը սկսելու համար»,- ըսած է Վրաստանի վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ Հայաստանը եւ Վրաստանը պատմական խոր արմատներ ունին: «Պատահական չէ, որ իմ առաջին օտարերկրեայ պաշտօնական այցը կատարում եմ եղբայրական Վրաստան, որի հետ մեզ կապում են հազարամեակների պատմական սերտ առնչութիւնները, բարեկամութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը: Հաւատացած եմ, որ մեր երկու երկրների ու ժողովուրդների միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններով պայմանաւորուած՝ միջպետական երկխօսութիւնն ամուր հիմք կը ստեղծի մեր համագործակցութեան առաւել ամրապնդման համար»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ Վրաստանի իր գործընկերոջ հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն առումով միանման կը մտածեն: Վարչապետը շնորհաւորած է Կիորկի Քուիրիքաշուիլիին Վրաստանի պետական անկախութեան վերականգնման 100-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ եւ  անդրադարձած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադաձութիւններուն՝ ընդգծելով, որ թաւշեայ ոչ բռնի իշխանափոխութիւնը կը հանդիսանար մեր ժողովուրդի կամքի դրսեւորումը՝ աւելցնելով, որ անիկա աշխարհաքաղաքական որեւէ ենթիմաստ չունի:

ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումը պիտի շարունակէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին մնալ: Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը հետամուտ է հնարաւոր ջանքերը գործադրելու՝ Վրաստանի հետ հարուստ փոխգործակցութեան նոր որակ հաղորդելու ուղղութեամբ: Վարչապետը համոզում յայտնած է, որ այս այցելութեան ընթացքին կողմերը կը նախանշեն համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւնները եւ ուղղութիւնները՝ ի շահ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու: «Կը ցանկանայի ընդգծել, որ մենք պատրաստ ենք անկեղծ եւ անկաշկանդ մթնոլորտում քննարկել երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգային հարցերը, ինչը յարիր է երկու հարեւան եւ եղբայրական պետութիւններին: Վստահ եմ, որ մեր յարաբերութիւններում շարունակելու ենք առաջնորդուել այն սկզբունքով, որ մեր միջեւ անլուծելի հարցեր չկան»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները քննարկած են առեւտրատնտեսական, ուժաբանութեան, փոխադրամիջոցներու, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են ուժաբանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մակարդակէն եւ կարեւորած փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան բնագաւառէն ներս հետագայ զարգացման հեռանկարները: Նիկոլ Փաշինեան եւ Կիորկի Քուիրիքաշուիլին համոզում յայտնած են, որ տնտեսական համագործակցութիւնը կրնայ խթանել առեւտրաշրջանառութեան երկկողմ աճը: Ծրագիրներու եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման առումով կարեւորուած է Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտին եւ վերջինս որպէս երրորդ երկիրներու շուկաները աւելի հասանելի դարձնելու հարթակ օգտագործելու հնարաւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Կիորկի Քուիրիքաշուիլին անդրադարձ կատարած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ կարեւորած անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանումը:

Պատմամշակութային կապերու սերտացման տեսակէտէն զրուցակիցները կարեւորած են մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանումը: Հուսկ, Նիկոլ Փաշինեան Կիորկի Քուիրիքաշուիլին Հայաստան հրաւիրած է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին