«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» ԱՀ օրէնքին համապատասխան` ընթացիկ տարուան Մայիսի կէսի դրութեամբ 1000 դրամի պարտադիր հանգանակութեան արդիւնքով Արցախի Հանրապետութենէն «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ին փոխանցուած են 128.5 միլիոն դրամի չափով դրոշմանիշային վճարներ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարարութենէն՝ մանրամասնելով, որ իւրաքանչիւր գործատու կամ քաղաքացի իր կողմէ կատարուած դրոշմանիշային վճարներու գումարները կրնայ տեսնել «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ի կայքին` www.1000plus.am հասցէով: