Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

«Արմէնփրեսի Անդրադարձը» «Զարթօնք»-ի Գլխաւոր Խմբագիրը Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Ներքաղաքական Դէպքերու Առարկայական Լուսաբանումը Սփիւռքի Լրատուամիջոցներուն Մէջ

Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներու առարկայական լուսաբանումը սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ Յակոբեան նման կարծիք յայտնեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Լրատուամիջոցներու 9-րդ համաժողովին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

«Պէյրութի եւ առհասարակ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցները լուսաբանեցին Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները՝ մտահոգ եւ հետաքրքրուած: Ամէն ինչ առարկայական ներկայացուեցաւ: «Զարթօնք»-ը «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան գործընկերն է: Եւ, հետեւաբար, այդ օրերու լուրերուն համար եւս կ’օգտուէինք «Արմէնփրես»-էն: Առարկայական լուսաբանումը սփիւռքի մէջ շատ կարեւոր էր, քանի որ սփիւռքը կ’ապրի հայրենիքով, հայրենիքի իրադարձութիւններով»,- ըսաւ Յակոբեան ու աւելցուց, թէ շատ կարեւոր էր, որ սփիւռքի մէջ լուսաբանումը ըլլար ճիշդ աղբիւրէ:

Իր կարծիքով՝ ֆէյսպուք ընկերային ցանցը մարդոց իրազեկելու առումով եւս մեծ դեր ունեցաւ, սակայն աւելի կարեւոր էր առարկայական լուսաբանումը:

«Մեզի համար ուրախութիւն էր, որ ներքաղաքական զարգացումները աւարտեցան հայ ժողովուրդին վայել կերպով, այսինքն՝ առանց արիւնահեղութեան: Անոր համար պարտական ենք երկու կողմին՝ թէ՛ նախկին եւ թէ՛ ներկայ իշխանութեան: Սփիւռքի համար ամենակարեւորը հայրենիքի կայունութիւնն է»,- եզրափակեց «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիրը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին