Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

«UWC Դիլիջան» Միջազգային Դպրոցը Կրնայ Ոգեշնչումի, Ոգեւորութեան, Լաւատեսութեան Կեդրոն Ըլլալ. Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է «UWC Դիլիջան» միջազգային դպրոցի շրջանաւարտներու աւարտական միջոցառումին: Վարչապետը նախ շրջայց  կատարած է դպրոցին մէջ, ծանօթացած է այդտեղ ստեղծուած պայմաններուն, կրթական հնարաւորութիւններուն:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով դպրոցի շրջանաւարտներուն, Նիկոլ Փաշինեան նշած է, թէ ուրախ է Հայաստանի մէջ նման դպրոցի առկայութեամբ: «Սա ապագայ Հայաստանի խորհրդանիշն է, որը լինելու է սիրոյ եւ համերաշխութեան, բարձր մակարդակի կրթութիւն ապահովող պետութիւն: Կիւմրիից մեկնարկած քայլերի ընթացքում ես անցել եմ այստեղով, տխուր էի՝ տեսնելով այս վայրի եւ շրջապատող տարածքների տարբերութիւնը: Բայց այս պահին հասկացայ, որ այս դպրոցը կարող է լինել ոգեշնչանքի, էնթուզիազմի, լաւատեսութեան կեդրոն Դիլիջանի բնակիչների կամ նրանց համար, ովքեր կ’անցնեն այստեղով»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ ոգեւորուած է դպրոցին մէջ ստեղծուած դրական մթնոլորտով եւ կարեւորած է բարձր մակարդակի կրթութեան ապահովումը: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ մեր երկրին մէջ կրթական առկայ խնդիրները հետեւողականօրէն պիտի լուծուին: «Մենք երջանիկ ենք տեսնելու ձեզ Հայաստանում, յոյս ունենք, որ դուք կը պատմէք մեր երկրի պատմութիւնը, երբ վերադառնաք ձեր երկրներ, կը պատմէք, որ մենք փոքր երկիր ենք, բայց մեծ սրտով մարդկանց երկիր ենք, ժողովրդավար եւ համերաշխ»,- դիմելով շրջանաւարտներուն՝ նշած է վարչապետ Փաշինեան:

Դիլիջանի միջազգային դպրոցը կ’աւարտէ 104 ուսանող աշխարհի 63 երկիրէ: Շրջանաւարտներէն 10-ն հայեր են: Դպրոցը արդէն 3-րդ անգամ ըլլալով շրջանաւարտ կու տայ:

Դպրոցին մէջ ներկայիս կը սորվի 210 ուսանող աշխարհի 80 երկիրէ: Ուսանողներուն 96 տոկոսը կը սորվի մասնակի կամ լրիւ կրթաթոշակով: Դիլիջանի միջազգային դպրոցը կը գործէ 2014 թուականի Հոկտեմբերէն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին