Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Հայ Ժողովուրդը Յոյսը Կը Դնէ Իր Եւ Ոչ Թէ Ուրիշներուն Վրայ. Փաշինեանը Կը Բացայայտէ Սարդարապատի Եւ Մերօրեայ Յաղթանակներու Բանաձեւը

Հայ ժողովուրդի յաղթանակի բանաձեւը սեփական ուժերու վրայ յոյսը դնելու եւ յաղթանակին հաւատալու մէջ է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Իր խօսքով՝ ամէն անգամ հայ ժողովուրդը յաղթած է, երբ որոշած է, որ պէտք է յաղթէ, երբ հաւատացած է ինքնիրեն: «Մենք յաղթել ենք եւ յաղթելու ենք բոլոր այն դէպքերում, երբ որոշենք յաղթել, երբ յոյսը դնենք մեր եւ ոչ թէ ուրիշների վրայ, երբ չընկրկենք որեւէ դժուարութեան առաջ, սիրենք, անսահման սիրենք մեր հայրենիքն ու միմեանց, չփորձենք մեր ներանձնական շահերը կապել սեփական ժողովրդի ու պետութեան վզին, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի գիտակցի, որ տէր է սեփական երկրում, ոչ թէ հպատակ»,- ըսաւ վարչապետը:

Ան նկատեց, որ տիրոջ այդ զգացումը ոչ միայն իրաւունք է, այլեւ պարտականութիւն, որպէսզի հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւնին եւ հայրենակիցներուն վերաբերինք յարգանքով ու արժանապատուօրէն։

«Հենց այսպէս Սարդարապատի յաղթանակից ուղիղ 100 տարի անց 2018-ի Ապրիլ-Մայիսին հայ ժողովուրդը տարաւ իր հերթական փառահեղ յաղթանակը՝ սեփական իշխանութիւնը հաստատելով սեփական հայրենիքում: Այդ յաղթանակը նոյնքան անհնար էր թուում: Շատերը մինչ օրս հարցեր են տալիս՝ ինչպէս դա պատահեց ու ինչու: Պատասխանը հետեւեալն է՝ հայ ժողովուրդը յոյսը դրեց իր եւ ոչ թէ ուրիշների վրայ, հայ ժողովուրդը հաւատաց ինքն իրեն, վստահեց իր ուժերին ու ապագային: Հայ ժողովուրդը պէտք է յաղթեր, քանի որ իր երակներում հոսում է Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի հերոսների արիւնը՝ Արամ Մանուկեանի արիւնը, Թովմաս Նազարբեկեանի արիւնը, Մովսէս Սիլիկեանի արիւնը, Դանիէլ Բեկ-Փիրումեանի արիւնը»,- աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետի դիտարկմամբ՝ ընդամէնը երկու տարուան կեանք ունեցած Առաջին Հանրապետութիւնը հիմք դրաւ երրորդ հանրապետութեան հիմնադրման, քանի որ Առաջին Հանրապետութեան գոյութեան շնորհիւ էր, որ Հայաստանը Խորհրդային միութեան կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ որպէս միութենական լիարժէք հանրապետութիւն: «Այս կարգավիճակի շնորհիւ էր նաեւ, որ Հայաստանը կարողացաւ անցնցում դուրս գալ ԽՍՀՄ կազմից ու ստանալ միջազգայնօրէն ճանաչուած անկախ երկրի կարգավիճակ: Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրումը պսակուեց երրորդ հանրապետութեան հռչակմամբ, փառաւորուեց Արցախեան պատերազմում մեր ժողովրդի տարած յաղթանակով, աշխարհահռչակուեցաւ ոչ բռնի թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութեամբ»,- աւելցուց ՀՀ վարչապետը:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը հռչակուած է 1918 թուականի Մայիս 28-ին մայիսեան հերոսամարտերէն՝ Սարդարապատէն, Բաշ-Ապարանէն եւ Ղարաքիլիսայէն ետք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին