Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

500 Տոլարնոց Խնձորը…

Ոմանք պիտի կարծեն, թէ խնդրոյ առարկայ խնձորը ոսկիէ կամ թանկարժէք իրէ մը շինուած է։ Անոնք բոլորովին կը սխալին, երբ կարդալով իրազեկ դառնան իրականութեան։

Գոլորատօ նահանգի բնակիչներէն Քրիսթըլ Թէտլաք Փարիզ կատարած ճամբորդութենէն կը վերադառնար տուն, երբ աներեւակայելի դէպքի մը դէմ հանդիման գտնուեցաւ։

Տէլթա ճամբորդական ընկերութեան պատկանող օդանաւի սպասեակներէն մին Գոլորատոյի օդակայանը չհասած՝ խնձոր մը կը հրամցնէ մեր ճամբորդին։ Քրիսթըլ, «կուշտ եմ» ըսելով, խնձորը կը զետեղէ իր պայուսակին մէջ։ Եւ ահա կը սկսի Քրիսթըլի (տես նկարը) ահարկու ճգնաժամը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Մենք գիտենք, որ արտասահմանէն կանաչեղէն կամ պտուղ արգիլուած է ներածել։ Նոյն օրէնքը ի զօրու է Նիւատայէն կամ ուրիշ նահանգէ մը  Գալիֆորնիա մուտք գործողներուն համար։ Սա հիւանդութիւններու տարածումը կանխարգիլելու միջոց մըն է, որ պետութիւնը օրէնքի անցուցած է։

Երբ Քրիսթըլ ապահովութեան գօտիէն անցնելէ ետք, մաքսատան պաշտօնեային կը ներկայանայ, պաշտօնեան պայուսակը բանալ կու տայ եւ կը տեսնէ կարմիր խնձորը… Եւ ահա կը սկսի հարցաքննութիւնը։ Արդիւնք՝ պաշտօնեան 500 տոլարի տուգանք մը կ’որոշէ խեղճ աղջկան, քանի որ արգիլեալ պտուղ կը ներածէր ան։

Աղջկան բացատրութիւնը, թէ օդանաւի սպասեակը տուած էր իրեն, բազում աղմուկ վասն ոչինչի կը դառնայ, եւ անզիջող պաշտօնեային հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ։ Ա՛ռ քեզի նրբացուցիչ դէպք յանցանաց!

Լացի Պահարա՞ն…

Լացի Պատը գիտենք, որ հրեաներու համար սրբութիւն է, քանի որ ան Սողոմոնի տաճարէն միակ կանգուն մնացած մասն է, որ կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ։

Սակայն լացի պահարանը (cry closet) մեզի համար նորութիւն է եւ թէեւ անհեթեթ կը թուի ըլլալ, բայց կարծես հոգեբանական թաքուն ճշմարտութիւն մը կայ ետին, որ կ’արդարացնէ իր գոյութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն Եութա նահանգի Սօլթ Լէյք քաղաքի պետական համալսարանի գրադարանին մէջ զետեղուած է 180 քիլոկրամ կշռող պահարան մը (տես նկարը), որ կը ծառայէ աշակերտներու մեկուսացման։ Անոնք տասը վայրկեանի ժամկէտով կրնան առանձնանալ հոն եւ լալ, իրենց քննութիւններուն առթած ճնշումը թեթեւցնելու համար։

Ամերիկայի մէջ ոմանք իրենց գործին պատճառած ճնշումը փարատելու համար մարմնամարզի յատուկ սրահներ կ’երթան եւ հոն բռունցքով առաստաղէն կախուած գնդակի մը հետ կը մարտին՝ իրենց ներսիդին կուտակուած մաղձը թափելու համար։

Այս վերջին տարբերակը աւելի ճիշդ է, քան տուն երթալով կնիկ կամ զաւակ ծեծելը, չէ՞ք խոհիր։

Վերադառնալով մեր «լացի պահարան»-ին՝ ըսեմ, որ իւրաքանչիւր աշակերտին կը տրամադրուի միայն տասը վայրկեան, որպէսզի բոլորին մատչելի դառնայ ան։ Իսկ պահարանը ներսիդիէն ծածկուած է փափուկ կերպասով մը եւ օժտուած է խաղալիքներով եւ թխմուած կեդանիներով (stuffed animals), որ կը ծառայէ մեղմացնելու ուսանողին թախիծը…

Առաւել, գրադարանապետը կը զգուշացնէ ուսանողները, որ եթէ պիտի գործածեն «լացի պահարան»-ը, պարտին դուռը զարնել մտնելէ առաջ, որպէսզի վստահ ըլլան, թէ ներսը մէկը չկայ…

Առայժմ այդ պահարանը պիտի մնայ գրադարանին մէջ, մինչեւ որ աշակերտական քննութիւնները աւարտին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին