Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Սփիւռքահայ Բժիշկները Պատրաստ Են Հայաստանի Մէջ Ծրագիրներ Իրագործելու

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Չորեքշաբթի, 24 Մայիսին ընդունեց Հայ բժիշկներու համաշխարհային կոմիտէի (ԱՄԻԿ) նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Վիգէն Սեփիլեան շեշտեց, որ սփիւռքահայ բժիշկները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններով եւ պատրաստ են հանդէս գալու առողջապահական ոլորտի զարգացման նոր ծրագիրներով:

«Հարիւրաւոր անդամներ ունեցող կոմիտէին մէջ ընդգրկուած սփիւռքահայ շատ մը մասնագէտներ պատրաստ են ներկայացնելու Հայաստանի մէջ իրականացուելիք զանազան նախագիծեր, ծրագիրներ, հետեւաբար, կարիք կայ զանոնք համատեղ համակարգելու: Այս հարցին գծով կ’ակնկալենք նախարարութեան ուղղորդումը՝ գործը առաւել արդիւնաւէտ եւ նպատակաուղղուած իրականացնելու համար: Նոր կապերու առջեւ դուռը բաց է»,- ընդգծեց տոքթ. Սեփիլեան:

Ուրուագծելով 2018-2019 թուականներու ընելիքները՝ տոքթ. Սեփիլեան յայտնեց, որ Սփիւռքի  շարք մը համայնքներու մէջ պիտի կազմակերպուին համաժողովներ եւ առողջապահական հասարակական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին