Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«ՌԱԿ-ի Համար Հայրենի Ժողովուրդին Ապահովութիւնը Ամէն Նկատառումէ Վեր է». Սերխիօ Նահապետեան – ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀՀ Վարչապետին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի 28 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը շնորհաւորեց ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեան: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Լեւոն Պըլըխեան եւ Սեւակ Յակոբեան:

ՌԱԿ-ի անունով ընկ. Նահապետեան յոյս յայտնեց, որ նորընտիր վարչապետը պիտի կարենայ իրագործել իր կատարած խոստումները ի նպաստ Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին ու այս առնչութեամբ յաջողութիւն մաղթեց պարոն Փաշինեանին:  Ընկ. Նահապետեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ յարգելի վարչապետի բարեփոխումներու ծրագիրները պիտի կարենան  նպաստել Հայաստանի աւելի եւս զարգացման ու անոր ժողովուրդին բարօրութեան:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդմանը, ՀՀ նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, արտագաղթի խնդիրին եւ Հայ ժողովուրդը յուզող այլ հարցերու: 

Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ նոր վարչապետին ծանօթացնելու ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան տեսակէտը ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ արձանագրուած նոյնանուն կուսակցութեան մը, որուն դէմ ՌԱԿ դատական հայց ներկայացուցած է Հայաստանի իրաւական մարմիններուն մօտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին