Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Մայրերու Օրը Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

23 Մայիս 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 11-ին, տարիներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, օժանդակութեամբ վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբին, կազմակերպեց Մայրերու Օրը՝ ներկայութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի ատենապետուհի Տիկ. Հիլտա Քիւրէճեան-Յարութիւնեանին, վարժարանիս հին ու նոր հոգաբարձութեան անդամներուն, բարերարներուն, հին ու նոր ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն, ծնողներու եւ բարեկամներու:

          Օր մը՝ երբ կանգ կ’առնենք արժեւորելու մեր մայրերն ու մեծ մայրերը արտայայտելու համար մեր սէրն ու յարգանքը, որոնք գլխաւոր սիւնը եղած են հայ ընտանիքին, եկեղեցւոյ եւ մշակոյթին:

          Տօնին գլխաւոր նպատակն է հիմնաւորել հայ կնոջ կերպարը՝ ցանկալով, որ բոլոր հայ կանայք զգան մայրութեան բերկրանքը, որովհետեւ հայ կնոջ դերը կենսական եղած է ազգապահպան հարցին մէջ: Հայ կինն է, որ, հաւատարիմ մնալով մայր ըլլալու առաքելութեան, միաժամանակ ուժ եւ կորով տուած է հայ տղամարդուն, պայքար մղած է անոր կողքին: Ան իր դրական լիցքաւորումով կրցած է այնպիսի սերունդ մը դաստիարակել, որ պատիւ բերած է հայ ազգին ու հայրենիքին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է  ամրապնդել մեր ուխտը, զօրաւոր կամքով եւ հաստատուն հաւատքով շարունակել հայաշունչ դիմագիծ փոխանցել մեր զաւակներուն՝ արմատաւորելով անոնց մէջ հայկականութիւնը՝ ձուլումէ փրկելու համար հայ նոր սերունդը:

          Մայրերու Օրուան տօնակատարութիւնը իրաւամբ բացառիկ անցաւ: Կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան վարժարանիս աշակերտութիւնը իրենց հաճելի կատարումներով, ուր նախ. Դ. դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «يا حنان الأم » արաբերէն բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք նախ. Գ. դասարանէն աշակերտներ երգեցին «Երգ Մայրիկ»-ին, ապա Մանկապարտէզի փոքրիկները ելոյթ ունեցան գեղեցիկ երգերով ու ասմունքներով, իսկ Մանօ Պորանեան (նախ. Ե. դասարան) ու Մոսիկ Տէօրտուլեան (Միջն. Ա. դասարան) գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ երգեցին «Ուրիշ Աշխարհ» երգը: Նախ. Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները պարեցին «Դդմաճազ»-ը, միջն. Ա. եւ Բ. դասարանի աշակերտները խմբովին ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը եւ վերջաւորութեան նախ. Ա., Բ., եւ Գ. դասարանի աշակերտները մեկնաբանեցին «امي » արաբերէն երգը:

Վարժարանիս կողմէ կը յղենք մեր ջերմ շնորհաւորանքները թանկագին բոլոր հայ մայրերուն՝ ցանկալով անոնց գարուն բուրող, գեղեցկութիւն ժառագայթող ու հոգեկան ջերմութիւն սփռող հոգի, խինդ ու եռանդ, որպէսզի կարենան յուսալի ու ամուր կամուրջ հանդիսանալ իրենց մայրերուն եւ զաւակներուն միջեւ:

Վարձքը կատար բոլորին:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին