Մայիս 5-ին Թելմա Ղազարեան-Ալթուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Գալիֆորնիոյ Լոն Փայն շրջանի անմշակ վայրերուն մէջ կայացած «Ուայլտ Ուայլտ Ուէսթ» մրցումին՝ յաջողութեամբ ամբողջացնելով զայն։
Արդարեւ, հակառակ անոր որ Թելմա եւ քանի մը այլ վազողներ սխալ արահետ մը մտնելով պարտադրուեցան 6 մղոն աւելի վազել, ան կրցաւ 50 մղոննոց մրցումը աւարտել 8-րդ դիրքին վրայ (կանանց մէջ), յատկանշական քայլ մը առնելով Հայաստանի եւ Գալիֆորնիոյ Տեթ Վելիի (Մահուան հովիտ) անապատի շատ տաք պայմաններուն մէջ կատարելիք իր վազքերուն նախապատրաստական մարզումներուն մէջ։
Ան ներկայիս Հայաստան կը գտնուի՝ պատրաստուելու համար Վարդենիս քաղաքէն Արցախի Հադրութ քաղաքը հասնող «Ճանապարհ» կոչուող արշաւային երթուղիի վազքին, իսկ Յուլիս 23-25-ին պիտի մասնակցի «Պետուոթըր 135» անունով ծանօթ 135 մղոննոց գերմարաթոն մրցումին։
Հայաստանի մէջ Յունիսին նախատեսուող 178 մղոն վազքին Թելմա Ալթունին հեծանիւով պիտի ընկերանայ Հանս Քիֆըր, որ մասնակից է Հայաստանի մէջ բնապահպանութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը զարգացնել միտող Հայ լեռնագնացներու գործունէութեան:
Թելմա Ղազարեան-Ալթուն մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ սկսած է «ծայրայեղ մարզանք» պիտակին տակ մրցումներու եւ արշաւներու մասնակցիլ՝ պատուաւոր դիրքեր գրաւելով, միաժամանակ հանդիսանալով գերմարաթոնի առաջին հայ մարզիկը: Ան միշտ լուսարձակի տակ կ’առնէ իր հայ ըլլալը, եւ հայկական Եռագոյնը անբաժան է անոր մրցումի տարազներէն։