Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Հայապահպանութիւն Ըսելով` Մենք նաեւ կը Հասկնանք, որ պիտի Պահենք ու Պահպանենք Հայաստանն ու Արցախը». Սերխիօ Նահապետեան

Մայիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչները` Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանը, ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանը եւ իր տիկին Սուսաննա Նահապետեանը, ՀՅԴ Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճանիկ Քեչեանը, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի անդամներ  Էտուարտօ Կոստանեանը եւ Էտուարտօ Թորոսեանը, Ռոսարիոյի ազգային համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի ներկայացուցիչ Ֆլօրենսիա Տէմիրճեանը, «Արմէնիա» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Գազանճեանը, Հարաւային Ամերիկայի ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Սարդարապատ»-ի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեանը, ՀԲԸՄ անդամ Խուան Քարլոս Մուրատեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մխիթար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց նախարարութիւն այցելելու եւ յետագայ համագործակցութիւնն ու առկայ կապերն առաւել ամրապնդելու պատրաստակամութեան համար: «Մեր գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններից մէկը հայրենադարձութիւնն է: Մենք ունենք քաղաքական կամք բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելու համար: Ի հարկէ, խօսելով հայրենադարձութեան մասին` գիտենք նաեւ, որ Սփիւռքը եղել է եւ մնալու է: Այսօր մենք Սփիւռքը իւրովի ճանաչելու խնդիր ունենք, քանի որ այն բազմերանգ է, բազմաշերտ եւ ունի առանձնայատկութիւններ: Մեր գործունէութեան յաջորդ ուղղութիւնը հայապահպանութիւնն է, իսկ առանց ձեզ հետ սերտ համագործակցութեան Սփիւռքում հայապահպանութեան գործընթացը անարդիւնք կը լինի»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեան: Սփիւռքի նախարարն ընդգծեց նաեւ, որ համայնքներու հետ աշխատանքին կը հաղորդուի բոլորովին նոր որակ, նոր լիցքեր: «Այս ամէնի համար մեզ պէտք է միասնականութիւն: Թաւշեայ յեղափոխութիւնն ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը կարող է լինել միասնական: Մեր գործունէութեան առանցքում հայ մարդն է, հայ ժողովուրդը»,-աւելցուց նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան համար` Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան Սփիւռքի նախարարին մաղթեց մեծ եռանդ հայերու երազանքի Հայաստանը կառուցելու գործին մէջ: «Մենք որեւէ ձեւով պատրաստ ենք նպաստելու Հայաստանի զարգացման: Այդ աջակցութեան, համագործակցութեան ճանապարհը մենք կը տեսնենք Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով»,-նշեց Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան եւ նախարարին փոխանցեց արժանթինահայ համայնքի շնորհաւորական նամակը:

ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սերխիօ Նահապետեան կարեւոր համարեց, որ արժանթինահայ համայնքը գործունեայ եւ միասնական համայնք է, միահամուռ կը գործեն հայկական կազմակերպութիւնները, աւանդական կուսակցութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները ջերմ են: «Հայապահպանութիւն ըսելով` մենք կը հասկնանք, որ պիտի պահենք ու պահպանենք նաեւ Հայաստանն ու Արցախը: Հայրենիքի լաւագոյն զինուորներէն մէկն ալ հայկական սփիւռքն է»,-նշեց Սեխիօ Նահապետեան:

«Արմէնիա» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Գազանճեան ընդգծեց. «Մեր զէնքը գործը պիտի ըլլայ: Բառերը պիտի թարգմանենք գործի եւ առաջ քալենք»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին