Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Մենք Պէտք Է Բացառենք Քաղաքական Բանտարկեալներու Առկայութիւնը Հայաստանի Մէջ. Վարչապետը Անդրադարձաւ ՄԻԵԴ-ի Վճիռին

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի «Արզումանեանը ընդդէմ Հայաստանի» գործով 2018 թուականի Յունուար 11-ի վճիռին պահանջները կատարելու նպատակով՝ ՀՀ կառավարութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան կը յատկացնէ 2500 եւրոյի համարժէք գումար:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը նշեց, որ ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի կառավարութեան դէմ կան հարիւրաւոր գործեր, որոնցմով, ամենայն հաւանականութեամբ, իրաւունքի խախտումներ կ’արձանագրուին: Նախարարը ըսաւ, որ այս ոլորտէն ներս առկայ է լուրջ բարեփոխումներու կարիք, եւ պէտք է ձեռնարկուին այնպիսի միջոցառումներ, որպէսզի ուրիշներու իրաւունքը չխախտուի: Արձագանգելով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ վերջին 20 տարուան ընթացքին դատաիրաւական համակարգին մէջ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսուած են, բայց համակարգի էութիւնը չէ փոխուած:

«Հայաստանում մէկ օրում արձանագրուել է հետեւեալը, որ Բաղրամեան 26-ից եւ որեւէ այլ տեղից դատարանների վրայ ապօրինի ներգործութիւն պէտք է չլինի: Պէտք է ապահովենք, որ որեւէ դատաւոր կաշառքով վճիռ չկայացնի: Սա ամենակարեւոր բարեփոխումն է: Մենք պէտք է բացառենք քաղբանտարկեալների առկայութիւնը, այս վճիռն ապացուցում է, որ Ալեքսանդր Արզումանեանը եղել է քաղբանտարկեալ»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին