Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցին
Արտահերթ ընտրութիւններու հարցը պէտք է քննարկուի ՀՀ ազգային ժողովին եւ այդտեղ ալ պէտք է լուծում տրուի անոր: ՀՀ նախագահի մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:
«Արտահերթ ընտրութիւններ պէտք են, թէ պէտք չեն, ես կարծում եմ, որ երկու մեծ ենթակայ կայ, որ պէտք է որոշում կայացնի այդ հարցի շուրջ: Մէկը Հայաստանի ժողովուրդն է, միւսը՝ ժողովրդի համապատասխան մարմինն Ազգային ժողովում»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Իր խօսքով՝ եթէ այդպիսի որոշում ընդունուի, ապա նախագահի պարտականութիւնը կ’ըլլայ իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ընել, որպէսզի այդ ընտրութիւնները արդար ու արդարացի ընթանան: