Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատունն ու Ամերիապանքը կնքեցին 15 միլիոն ԱՄՆ տոլարի վարկային պայմանագիր՝ 5 տարի ժամկէտով: Պայմանագիրին նպատակն է Հայաստանի մէջ զարգացնել փոքր եւ միջին գործարարութիւնները, որոնք կը կազմեն երկրի տնտեսութեան առանցքը:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ՓՄՁ հատուածին ուղղուած աջակցութիւնը երկու դրամատուներուն համար ալ կը հանդիսանայ միասնական նպատակ եւ առաջնահերթ խնդիր: Տրամադրուող վարկային միջոցները Ամերիապանքին թոյլ պիտի տան Հայաստանի մէջ գործող փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն առաջարկել պահանջուող նիւթական երկարաժամկէտ աջակցութիւնը, որ կենսականօրէն անհրաժեշտ է վերջիններուս աճն ու մրցունակութիւնը ապահովելու եւ նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու համար:
«Ամերիապանքի համար մեծ պատիւ է շարունակել արժէքաւոր համագործութիւնը Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատան հետ: Կնքուող պայմանագիրը Ամերիապանքին թոյլ պիտի տայ ամրապնդելու իր դիրքերը ՓՄՁ վարկաւորման շուկային մէջ եւ աւելի մեծ ներդրում ունենալու երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ»,- նշեց Ամերիապանքի գլխաւոր տնօրէն Արտակ Հանէսեան:
«Ասիկա Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատան կողմէ Ամերիապանքին ՓՄՁ նիւթական աջակցութեան նպատակով տրամադրուող երկրորդ վարկային գործիքն է: Մենք ուրախ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը շուկայի առաջատարին հետ եւ իրականացնելու Հայաստանի համար մշակուած մեր ռազմավարական ծրագիրները՝ հնարաւորութիւն տալով դրամատան զարգացնելու երկրի տնտեսութիւնը եւ յատկապէս ՓՄՁ ոլորտը»,- նշեց Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատան դրամտնային գործառնութիւններու գծով փոխնախագահ Իկոր Լեշուքով: