Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններու Իրականացումը Կը Տեսնէ Աշնան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատկերացումով՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան աշնան:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ Մայիս 23-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ քննարկումներ հաւանական են քաղաքական այլ ուժերու հետ:

«Մեր պատկերացումն է արտահերթ ընտրութիւններն անցկացնել աշնան, բայց դա պէտք է փորձենք համադրել այլ քաղաքական ուժերի պատկերացումների հետ եւ փորձել դուրս բերել ընդհանուր լուծումներ: Այդ ուղղութեամբ քննարկումներ, ի հարկէ, հնարաւոր են»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ վարչապետ դառնալը եւ նոյնիսկ անկէ ետք բազմիցս յայտարարած է, որ խորհրդարանական արդար եւ թափանցիկ արտահերթ ընտրութուններու իրականացումը իրենց առաջնահերթութիւններէն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին