Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հայկական Կողմին Համար Կարեւոր Սկզբունք Է ԼՂ Հակամարտութեան Բանակցային Խաղաղ Գործընթացի Ապահովումը. ԱԳ Նախարար

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ Հայաստանի համար ամենակարեւոր սկզբունքը բանակցութիւններու միջոցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ խաղաղ գործընթացի ապահովումն է: Ազգային ժողովին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը՝ պատասխանելով ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Պեքարեանի հարցին: «Մենք աւելի ուշադրութիւն կը դարձնենք մթնոլորտի պահպանման: Թէ ինչո՛ւ, ապա այն պարզ պատճառով, որ բանակցութիւններու վրայ ներգործուն զարգացումներ չունենանք, ինչ որ անտարակոյս կրնայ գրոհներու յանգեցնել»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով ընդգծեց ան:

Նախարարը ընդգծեց, որ կը սպասէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ երկխօսութեան՝ աւելցնելով, որ արդէն հասցուցած է հեռաձայնային զրոյց ունենալ համանախագահներուն հետ, որոնք մանրամասնութիւններ ներկայացուցած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ արդէն կայացած հանդիպումէն: «Մեզի համար շատ կարեւոր է թափը պահպանելը, որովհետեւ անոր հիմքին ինկած է գործընթացը բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով շարունակելը: Մենք մօտ ժամանակներս գործընթացը վերականգնելու հնարաւորութիւն կ’ունենանք: Յունիսին այդ մէկը կ’իրականանայ համանախագահներու հետ հանդիպումով»,- ըսաւ Մնացականեան:

Անդրադառնալով ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ Նախիջեւանի հատուածին մէջ սահմանագիծ այցելելու վերաբերեալ հարցին՝ նախարարը ընդգծեց, որ այդ այցի նպատակը ազդակ փոխանցել էր, որ հայկական կողմը ուշադիր է եւ շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ բանակցային գործընթացի վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցող հաւանական բոլոր զարգացումները բացառելուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին