Աշտարակի քաղաքային մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ՝ «Սարդարապատից Արցախ» խորագիրով։
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ «Սարդարապատ» քայլերգով, որուն յաջորդեց քաղաքի պատանիներու պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը՝ սահիկներու ցուցադրութեան ընդմէջէն։
Ձեռնարկի աւարտին, Աշտարակ քաղաքի քաղաքապետ Թովմաս Շահուերդեանի կողմէ պատուոգիր եւ յուշանուէր ստացան 2016-ի եւ 2017-ի Պատանիներու Եւրոպայի ախոյեան ըմբիշ Շանթ Խաչատրեան, 2018-ի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան ոսկէ մետալակիր ըմբիշ Սահակ Յովհաննիսեան եւ ընդամէնը օրեր առաջ, Թուրքիոյ Սիտէ քաղաքին մէջ իրականացած «Հարմոնիա» 8-րդ երաժշտական միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին արժանացած՝ երգիչ Գոռ Թումանեանը։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Աշտարակ քաղաքի քայլերգով։