Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայաստանի Անվտանգութեան Մակարդակի Շարունակական Բարձրացումը Կառավարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնին Է. Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս ունի, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ ռազմա-գիտարուեստական համագործակցութիւնը երթալով աւելի արդիւնաւէտ պիտի դառնայ: Ազգային ժողովին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, պատասխանելով պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեանի հարցին, թէ ռուսական կողմի հետ ե՛րբ ձեռք բերուած է ռուսական «Թոռ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման շուրջ համաձայնութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ հարցի ուղիղ պատասխանը կը պարունակէ պետական գաղտնիք, սակայն անդրադարձաւ հայ-ռուսական համագործակցութեան բոլոր ոլորտներուն, ներառեալ՝ ռազմա-գիտարուեստական:

«Ես կարող եմ ասել, որ Սոչի կատարած այցի ընթացքում Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպմանը խօսել ենք հայ-ռուսական յարաբերութիւնների հետագայ խորացման անհրաժեշտութեան մասին: Բոլոր ուղղութիւններով, այդ թուում՝ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան, եւ մենք յոյս ունենք, որ այդ համագործակցութիւնը գնալով աւելի արդիւնաւէտ է լինելու: Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւնների միջեւ փոխադարձ վստահութեան որոշակի մթնոլորտ է նկատուում, եւ մենք յոյս ունենք, որ այդ մթնոլորտը հետագայում էլ աւելի կը խորանայ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Պատգամաւորի հարցին՝ «Թոռ» համակարգը Հայաստանին կը մատակարարուի նոր պայմանաւորուածութիւններու համաձա՞յն, թէ վարկային վերջին համաձայնագիրի ծիրէն ներս, Փաշինեան պատասխանեց. «Մենք այդ վարկային համաձայնագիրը քննարկել ենք Ազգային ժողովում նաեւ վաւերացումից առաջ, եւ երբեք նման հարցերը բաց չենք քննարկել: Ես յոյս ունեմ, որ դուք չէք ակնկալում, մենք բաց ընթացակարգով այդ հարցերը կը քննարկենք: Ես կարող եմ ձեզ վստահեցնել, որ զինուած ուժերի կարիքները Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնում են,  անվտանգութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը գտնուում է կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնում»,- եզրափակեց Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին