Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Կեսարիոյ Սբ․ Աստուածածին Հայկական Եկեղեցին Գրադարանի Պիտի Վերածուի

Թուրքիոյ Կեսարիա քաղաքը գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին պիտի վերածուի գրադարանի։ Կեսարիոյ քաղաքապետարանը արդէն սկսած է եկեղեցւոյ շինութեան վերանորոգման – վերականգնման աշխատանքները։ Օսմանեան ժամանակաշրջանին պատկանող այս կառոյցը նախապէս տարբեր ժամանակահատուածներու ծառայած է իբրեւ ոստիկանական բաժանմունք եւ մարզասրահ։

Վկայակոչելով թրքական մամուլը՝ «Ermenuhaber.am»-ը կը հաղորդէ, թէ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ առկայ զարդաքանդակները, որմնանկարներն ու գրութիւնները, որոնք աւելի կանուխ կատարուած աշխատանքներու ժամանակ ծածկուած էին կիրի շերտով, այժմ յատուկ՝ մանրակրկիտ ջանքերով՝ կրկին մաքրուած ու բացուած են։

Յայտնի է, որ քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած է՝ հայկական եկեղեցին 24 ժամ գործող քաղաքային գրադարան դարձնելու վերաբերեալ։ Աշխատանքները կը նախատեսուին աւարտել մինչեւ տարեվերջ։ Գրադարանի վերածուած եկեղեցիին մէջ պիտի ըլլան ե՛ւ աւանդական գիրքեր, ե՛ւ ժամանակակից ելեկտրոնային գիրքերէն օգտուելու հնարաւորութիւն։

Կեսարիոյ քաղաքապետ Մուսթաֆա Չելիքի խօսքով՝ Թուրքիոյ տարածքին վրայ մինչեւ օրս գրադարանի վերածուած եկեղեցի դեռ չէ եղած։ Ամէն պարագայի, նպատակ կայ կառոյցը վերականգնելու՝ ըստ իր նախնական տեսքին։ Կ’ենթադրուի, որ վերակառուցման, կահաւորման ու գիրքերու արխիւ ստեղծելու համար ծախսուի շուրջ 6-8 միլիառ թրքական լիրա։

Նախապէս, եկեղեցւոյ մէջ իրենց կրօնական արարողութիւնները իրականացնելու համար Կեսարիոյ բողոքական համայնքը դիմած էր՝ եկեղեցին իրենց յանձնելու խնդրանքով: Իսթամպուլի բողոքական եկեղեցին դիմում ներկայացուցած էր Կեսարիոյ քաղաքապետարանին, քանի որ Կեսարիոյ բողոքական համայնքը աղօթատեղի չունի: Բողոքական եկեղեցւոյ դիմումը, սակայն, մերժուած էր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին