Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը գրեթէ միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ անցեալ տարի ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Մայիս 16-ին աւելի քան մէկ ժամ քննարկեց հայաստանեան վերջին զարգացումները՝ Պրիւքսելին կոչ ընելով աւելցնելու աջակցութիւնը Հայաստանին եւ անմիջապէս պատրաստուիլ ակնկալուող խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները դիտարկելու:
«Այս յանձնաժողովը, ամբողջ Եւրոպական խորրհդարանը անհամբեր է Հայաստանի, այդ երկրի նոր ղեկավարներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ համագործակցութիւնը ընդարձակելու հարցով»,- քննարկման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի հարցով զեկուցող, հունգարացի Լասլօ Թոքեշ:
«Այն, ինչ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ, ժողովրդավարութեան դաս կրնայ ըլլալ շատերու համար»,- յայտնեց լիթուանիացի Պետրաս Աուստրեւիչիուս՝ շարունակելով. «Ժողովուրդն ու քաղաքացիները ամէնէն լաւ գիտեն՝ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք են երկրին, եւ սա շատ լաւ դաս է այն քաղաքական գործիչներու համար, որոնք կը փորձեն մոլորեցնել անոնց: Եւ ես կը դիմեմ Եւրոմիութեան՝ մենք պէտք է աւելի մեծ պատուիրակութեամբ հիմա երթանք Հայաստան եւ ցոյց տանք մեր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը»:
«Եւրոմիութիւնը կենսական դեր ունի Հայաստանի մէջ ժողովդրավարութեան ամրապնդման հարցով: Ներքաղաքական վերջին զարգացումները ցոյց տուին, որ Հայաստանի ժողովուրդը ժողովրդավարութեան գաղափարները սրտին մօտ ընդունած է ու լիովին հաւատարիմ է անոնց: Այսօր երբ ճգնաժամը այլեւս անցեալ է, կարեւոր է նշել, որ այս ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիները ազատօրէն իրացուցին իենց իրաւունքները խաղաղ ու ոչ բռնի եղանակներով:
Կողմներն ալ ցուցաբերեցին զսպուածութիւն, ներգրաւուեցան բովանդակալից երկխօսութեան մէջ, ինչ որ հնարաւոր դարձուց իշխանութեան փոխանցումը հանդուրժողականութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ: Սա անկասկած ի ցոյց դրաւ քաղաքական այն հասունութիւնը, որուն մեր երկիը հասած էր վերջին տարիներուն», յայտարարեց Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Մարգարեան՝ անդրադառնալով յանձնաժողովի կոչին:
Ժողովրդավարութեան ընթացքը այսօրուան Հայաստանի մէջ այլեւս անշրջելի է՝ եւրոպացի պատգամաւորներու մտահոգութիւններուն ի պատասխան, յայտարարեց դեսպան Թաթուլ Մարգարեան:
«Նոր կառավարութիւնը խոստացած է ընել առաւելագոյնը, որպէսզի ժողովրդավարական զարգացումներն աւելի սնուցուին եւ համապատասխանեն եւրոպական լաւագոյն օրինակներուն: Նիկոլ Փաշինեանի գխաւորած նոր՝ միասնութեան կառավարութեան մէջ կան մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոմիութեան աջակցութեան՝ մեր ժողովուրդի ակնկալիքներն ու սպասումներն արդարացնելու ճանապարհին»,- յայտնեց Մարգարեան: