Ախալցխայի եւ Տաօ-Գլարճեթիի մեթրոփոլիթ Թէոտորէ Ճուաձէն եւ այլ հոգեւորականներ Մայիս 21-ին օրհնեցին քաղաքի «Ապրիլ 9» փողոցին վրայ կառուցուող Շալուա Ախալցիխելիի անուան տաճարին պրոնզէ խաչը եւ իրականացուցին ժամերգութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։
Գմբէթին բարձրացուած խաչին բարձրութիւնը 2.5 մեթր է։ Անիկա պատրաստել տուած է տաճարին կառուցումը նախաձեռնող Վասիլ Իվանիձէի ընտանիքը։ Շալուա Ախալցիխելիի անուան տաճարին կառուցումը սկսած է 2009 թուականէն։
Խաչը գմբէթին բարձրացնելու արարողութեան ներկայ էին խումբ մը հաւատացեալներ, հոգեւորականներ ու շրջանային եւ տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներ։