Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Փաշինեան Յանձնարարած Է 10-օրեայ Ժամկէտի Մէջ Ներկայացնել Գերատեսչութիւններու Կանոնադրութիւններու

Վերջնական Տարբերակները
ՀՀ կառավարութեան մէջ Մայիս 22-ին արտահերթ նիստ գումարուած է, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նիստի ժամանակ քննարկուած է երկու հարց: Գործադիրը սահմանած է նախարարութիւններուն ենթակայ մարմիններու ենթակայութիւնը: ՀՀ սահմանադրութեան 159-րդ յօդուածին համաձայն՝ պետական կառավարման համակարգի մարմիններն են նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան, ՀՀ վարչապետին եւ ՀՀ նախարարութիւններուն ենթակայ մարմինները: Հիմնաւորումին համաձայն՝ նախարարութեան ենթակայ մարմինը կը գործէ նախարարութեան վերապահուած գործունէութեան ոլորտի շրջանակին մէջ եւ կ’ապահովէ  նախարարութեան իրաւասութեան վերապահուած գործունէութեան առանձին ուղղութիւններու իրականացումը:

ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան առաջարկած է փոփոխութիւն կատարել նախագիծին մէջ, եւ Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէն սահմանած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան ենթակայ մարմին՝ ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան փոխարէն: Առաջարկը ընդունուած է:

Կառավարութիւնը սահմանած է նաեւ պետական կառավարման համակարգի մարմինի կանոնադրութեան օրինակելի ձեւը: Անոր համաձայն՝ սահմանուած են նախարարութեան, կառավարութեան, վարչապետին եւ նախարարութեան ենթակայ մարմինի կանոնադրութիւններու օրինակելի ձեւերը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է կառավարութեան անդամներուն 10-օրեայ ժամկէտի մէջ ներկայացնել գերատեսչութիւններու կանոնադրութիւններու վերջնական տարբերակները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին