Հինգշաբթի, 23. 01. 2025

spot_img

«Վերջին Զանգ»-ի Նշումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանէն Ներս

Դպրոցը աւարտելը թէ՛ ուրախ, թէ՛ ալ տխուր իրադարձութիւն մըն է: Տխուր է, որովհետեւ հրաժեշտ պիտի տաս ուսուցիչներուդ եւ դասընկերներուդ, ինչպէս նաեւ դպրոցին, ուր անցուցած ես մանկութիւնդ եւ պատանեկութիւնդ: Միւս կողմէն ալ ուրախալի է, որովհետեւ պիտի թեւակոխես նոր կեանք, ուր պէտք է սկսիս սորվիլ «Ինքնուրոյն Քալելու» բարդ արուեստը:

Մեր սիրելի շրջանաւարտները այս կրթօճախին մէջ ստացած գիտելիքներով, յոյսերով եւ երազանքներով պիտի քալեն դէպի կեանքի նոր փուլ, ուր իրենցմէ կը պահանջուի ըլլալ առաւել պատասխանատու: Մեր մաղթանքն է, որ անոնց ջանքերը պտղաբերին յաջողութիւններով եւ նորանոր ձեռքբերումներով:

Հետեւաբար, Երկուշաբթի, 21 Մայիս 2018-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Վերջին Զանգ»-ի նշումը: Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներուն սրտի խօսքերով (հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն), որոնք յուզումով վերյիշեցին դպրոցական կեանքի ուղին, որմէ անցան դասընկերներով միասին: Բոլորին աչքերուն մէջ կար արտասովոր յուզում մը, պատճառը՝ հրաժեշտը: «Վերջին Զանգ»-ին ղօղանջը պիտի ազդարարէր հանգրուանի մը աւարտը ու աւելի պատասխանատու կեանք մը սկիզբ պիտի առնէր:

 Ապա մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները բեմահարթակ բարձրանալով արտասանեցին «Մնաք Բարով Իմ Դպրոց»-ը եւ երգեցին «Վերջին Զանգ»-ը: Զանգը երկար հնչելէ ետք, անոնք մէկական պզտիկ զանգակներ նուիրեցին միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն, որոնք իրենց կարգին մէկական թարմ ծաղիկ նուիրեցին փոքրիկներուն:

Ապա տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ այս օրը յուզումի անմոռանալի պահ մըն է բոլորիս համար, որովհետեւ աշակերտները հրաժեշտ տալով Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին, բարձր պատրաստակամութեամբ պիտի անցնին կեանքի յաջորդ հանգրուանը՝ իրենց հետ տանելով գեղեցիկ յուշեր: Յոյսով ենք որ միշտ ալ բարձր պիտի պահեն Թէքէեանի անունն ու պատիւը, ինչպէս նաեւ գործնական կեանքին մէջ պիտի կիրարկեն այս վարժարանէն ստացած գիտելիքներն ու բարոյական բոլոր արժէքները:

Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ շնորհաւորելով շրջանաւարտները եւ անոնց մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ պայծառ ապագայ, յուսալով, որ այն ինչ որ ստացան Թէքէեանի կրթական ու հայեցի դաստիարակութենէն, աւելիով պիտի վերադարձնեն հայ ժողովուրդին՝ վառ պահելով հայու հոգին:

Ապա շրջանաւարտները ներկայացան պարով, որմէ ետք անոնք ջահ մը բռնած՝ միջն. Բ. դասարանի աշակերտներուն հետ միասին մուտք գործեցին սրահ: Շրջանաւարտները ջահը փոխանցեցին միջն Բ. դասարանի աշակերտներուն: Վերջապէս տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Մեր սիրելի շրջանաւարտներուն կը մաղթենք եռանդ, ջանասիրութիւն եւ նպատակասլացութիւն, որպէսզի դառնան ազգին եւ երկրին պիտանի անհատներ: Շնորհաւոր վերջին զանգ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին