Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 2017-2018 Տարեշրջանի Հունձքը

Ուրբաթ, 18 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ակադեմական եւ արուեստից բաժանմունքներու շրջանաւարտից հանդէսը՝ հովանաւորութեամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ թեմի եւ Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերպ. Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի:

29 շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգերու ունկնդրութիւնը: Բացման խօսքին մէջ Սարգիս Աբգար՝ հայերէնով, իսկ Մարինա Օհանեան՝ արաբերէնով ըսին. «Այսօր մեծ ուրախութիւն մըն է բոլորիս, որովհետեւ այս հանդիսութեան աւարտին վկայականով մը պիտի փակենք մեր կեանքի լաւագոյն հանգրուաններէն մէկը՝ բանալու համար նորը: Վարժարանիս բոլոր անձնակազմին շնորհիւ, ուրախութեան արցունքները մեր աչքերուն, գիտութեան վահանը մեր կուրծքին, հաւատքի ջահը մեր ձեռքին՝ մենք կը նետուինք դէպի ճանապարհը կեանքի»:

Յայտագրին գեղարուեստական բաժնով շրջանաւարտները ներկայացուցին «Իմ անունը Հայաստան է» եւ «You raise me up» երգերը, դաշնամուրի վրայ նուագ եւ խմբային նուագ՝ դաշնամուր, ջութակ, թմբուկ եւ կիթառ, ինչպէս նաեւ խմբային պար:

Թամար Կանիմեան՝ հայերէն, իսկ Մարիա Ալթունեան՝ անգլերէն ուղերձով փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը՝ ըսելով, թէ անցնող տասնհինգ տարիներուն ընթացքին Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը պարգեւեց մտային զարգացում, ընկերային մտերմիկ շրջանակ, բարձր մակարդակի ուսում եւ հայրենասիրական ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, որոնք միշտ իրենց կողքին էին ու ճիգ չէին խնայած՝ իրականացնելու իրենց երազները:  Եւ այս հանդիսութիւնը առիթ մը համարելով, անոնք իրենց մայրերը պատուեցին յիշատակի նուէրով մը: Զոյգ աշակերտները յատուկ շնորհակալական խօսք մը ուղղեցին նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, անոնց գուրգուրանքին եւ հոգատարութեան համար։

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցելով՝ վարժարանիս վարչական մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան ըսաւ. «Ինչպէս բարի գործի ամէն աշխատանքային ուղի, մեր վարժարանի առաքելութեան ուղին ալ եղած է եւ է դժուարին մարտահրաւէրներով լեցուն, սակայն նպատակասլաց… Գաղտնիք մը չէ, թէ լաւագոյն պայմաններով չէ, որ մենք սկսանք մեր սիրելի դպրոցին 2017 – 2018 տարեշրջանը:

Տարին լեցուն էր նախատեսելի եւ աննախատեսելի խոչընդոտներով ու մարտահրաւէրներով, որոնց յաղթահարումը յաւելեալ ճիգ, կորով, փոխադարձ հասկացողութիւն եւ հանդուրժողականութիւն ու մանաւանդ համբերութիւն կը պահանջէր տնօրէնութիւն-ուսուցչական կազմ-աշակերտութիւն-ծնողք միացեալ ճակատին կողմէ: Սղաճ, ամսականներու եւ կրթաթոշակներու յաւելում, օտար վարժարաններու հետ անհաւասար մրցակցութիւն, արհեստագիտութեան յոռի կողմերուն ու համաշխարհայնացումի վտանգներուն դէմ աննկուն պայքար ու հոսանքն ի վեր հայօրէն թիավարելու կենսական կարեւորութիւն: Ահաւասիկ այս տեսակի մարտահրաւէրներ են, որ մենք՝ հոս գտնուողներս, միասնաբար դիմագրաւեցինք ու յաղթահարեցինք՝ շնորհիւ Հայ դպրոցին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին»: Պրն. Գարատաղլեան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Ուսումնառութիւնը եւ միայն աւելի եւս բարձր վկայականներու ձգտումն է արդի մարդուս յաջողութեան ու նուաճումներու նախապայմանը: Այս կարեւոր ազդակը մեր սիրելի աշակերտներուն շնորհելու համար մենք չխնայեցինք, ո՛չ մէկ ճիգ մեր վարժարանին մէջ ուսումնագիտական եւ յարակից մարզերու մէջ բարեփոխումներ մտցնելով: Բարեփոխումներ, որոնք կը բխին նոր ժամանակներու ոգիէն եւ պահանջներէն… Իր գործունէութեան հիմնական նպատակը համարելով կրթութեան բովանդակութեան եւ ուսման բարձր որակի ապահովումն ու անոնց համապատասխանեցումը կրթական միջազգային չափանիշներու` մեր սիրելի վարժարանը շնորհիւ բոլորիս գործակցութեան կը ձեռնարկէ եւ կ’իրականացնէ գիտակրթական բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք համահունչ են ժամանակի թելադրանքին:

Իր խօսքի աւարտին Պրն. Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․Կաթողիկոս Պատրիարքին անոր անվերապահ վստահութեան եւ նեցուկին, ինչպէս նաեւ Գերապայծառ Հայր Գաբրէիլ Թ․ Ծ․ Վրդ․ Մուրատեանին եւ անոր գլխաւորած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Վարժարաններու Վարչական Խորհուրդին՝ յօգուտ վարժարանիս անոնց տրամադրած սուղ ժամանակին եւ արժէքաւոր ցուցմունքներուն համար։ Շնորհակալութեան խօսքը ընդգրկեց նաեւ օրուան պատգամախօս՝ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը, վարժարանի ծնողները, բարերար անհատներն ու հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ այն ուսուցչուհիները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան հանդիսութեան կազմակերպման:    

Օրուան պատգամախօս Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան խօսեցաւ վկայականի արժէքին մասին, այն իմաստով, որ վկայականը կը վկայէ, թէ աշակերտը իրեն համար գծուած ընթացքը կատարած է դպրոցին մէջ, եւ վկայութիւն կու տայ, որ աշակերտը իր սորվածներուն տէրը դարձած է: «Սակայն մարդիկ ընդհանրապէս վկայական կ’ուզեն անոր ֆիզիքական եւ ժամանակաւոր արժէքին համար, կ’ուզեն ուրիշները տպաւորել, եւ մարդիկ մարդ գնահատելէ աւելի, վկայականը կը գնահատեն: Ամէն մարդ կ’ուզէ լաւ տիտղոս ու լաւ վկայական ունենալ, դժբախտաբար վկայականով մոռնալով մարդու հոգին, բովանդակութիւնը, անոր ետին կեցող մարդը»,- ըսաւ Դոկտ. Հայտոսթեան եւ շեշտեց, որ ուրախութիւնը պէտք չէ ըլլայ լոկ վկայական ստանալը, այլ որ այդ վկայականին ետին կեցող անձը գիտութեան, հոգիի, դաստիարակութեան տէր դարձաւ, մարդը մարդ եղաւ:

Ապա շրջանաւարտներ Կրէյս Հալէպլեան եւ Ռազմիկ Ճենանեան դպրոցի վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու՝ Կասիա Տէրտէրեանին եւ Լուչիանա Քազճեանին, որպէսզի գալիք սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Մուրատեան իր հայրական պատգամին մէջ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցին ու վարժարանը պատասխանատուութիւն ստանձնած են մեր ազգին գոյատեւման պայքարին մէջ, ուստի, աշակերտները իրենց յաջողութիւնը կը պարտին այս վարժարանին մէջ իրենց ստացած կրթութեան եւ դաստիարակութեան․ այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ տնօրէնութեան եւ զոյգ մեծաւորներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն: Ան նաեւ առիթը պատեհ համարեց շնորհակալութիւն յայտնելու նախկին տնօրէններուն, որոնք իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով այս աշակերտները աւելի քան տասնեակ տարիներու ընթացքին պատրաստած ու հասցուցած էին այս օրուան: Գերապայծառ հայրը իր խօսքը աւարտեց՝ յորդորելով աշակերտները, որ իրենց ստացած ուսումը ծառայեցնեն յառաջդիմելու եւ արժանավայել կեանք մը ապրելու այս աշխարհին մէջ:

Ակադեմական եւ արուեստից բաժանմունքներու աշակերտներու վկայականաց բաշխումէն ետք, շրջանաւարտները երգեցին Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգը, ապա ուղղուեցան բակ, ուր շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, հիւրասիրութիւն եւ հրավառութիւն: 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին