Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի 108 Աշակերտներ Յաջողեցան Այս Տարուան DELF Քննութիւններուն

Ինչպէս ծանօթ է, 2014-2015 տարեշրջանին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:

 

Այս տարեշրջանին Մեսրոպեան վարժարանի 2-րդ, 4-րդ, 6-րդ եւ 8-րդ դասարաններու բոլոր աշակերտները անխտիր (թիւով 108) յաջողեցան DELF ընթացիկ քննութիւններուն A1, A2 եւ B1 կարգերուն մէջ, որոնց մեծ մասը՝ գերազանց գնահատականներով:

 

Այս առիթով կայացած հաւաքին, վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ գնահատեց ուսուցիչներուն ներդրումը:  Պարոն տնօրէնը յայտնեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը, այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին: Այդպիսով անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէնի մուտքի քննութեան:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին