Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Իրանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Որոշ Ազդեցութիւն Կ’ունենան Նաեւ ՀՀ Տնտեսութեան Վրայ. Ջավադեան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցները որոշ ազդեցութիւն կ’ունենան նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Ազգային ժողովի ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին այս մասին ըսաւ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեանը:

«Այդ պատժամիջոցները բաւականին լուրջ են եւ, անշուշտ, որոշ ազդեցութիւն կ’ունենան նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, սակայն ես կը վստահեցնեմ, որ մեր գործարարները, արտահանողները, ինչպէս նաեւ ներմուծողները արդէն զատորոշած են իրենց շուկաները եւ քիչ թէ շատ  ուրիշ շուկաներ կ’երթան նաեւ. այդ մէկը կը տեսնենք մենք։ Մեր գործընկեր երկիրներու ցանկը օրէ-օր կ’աւելնայ»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ ընդգծեց Ջաւադեանը։

Կեդրոնական դրամատան նախագահի խօսքով՝ օրէ-օր կը մեծնան Հայաստանի հնարաւորութիւնները ԵԱՏՄ անդամակցութեան շրջանակներուն մէջ, եւ այդ առումով գործարարները կը հասկնան՝ ի՛նչպէս վարել առեւտուրը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին