Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Բոլորս Պէտք Է Լիայոյս Ըլլանք Հայաստանի Ապագայի Հարցով. Տարօն Աճեմօղլու

Յայտնի հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն վստահ է, որ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է հասարակական փոփոխութիւն, որ ճանապարհ պիտի բանայ աւելի մրցունակ եւ ուժեղ տնտեսութեան համար: Այս մասին աշխարհահռչակ տնտեսագէտը խօսած է պոլսահայ «Ակօս» պարբերականի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին:

Տնտեսագէտին խօսքով՝ Հայաստանի տնտեսութիւնը ազդեցութիւն կրած է կաշառակերութեան երեւոյթներէն: «Հայաստանի հասարակութեան եւ արտասահմանի մէջ մեծ յոյս կայ, որ այժմ կը գտնուինք շրջադարձային կէտի վրայ: Անհրաժեշտ է հասարակական փոփոխութիւն, որ ճանապարհ պիտի բանայ աւելի մրցունակ եւ ուժեղ տնտեսութեան համար: Իսկ նման փոփոխութեան կրնայ առաջնորդել միայն Հայաստանի հասարակութիւնը»,- ընդգծած է ան:

Տարօն Աճեմօղլու պատմած է, որ ՀՀ վարչապետը հեռաձայնած է իրեն եւ հարցուցած, թէ արդեօք կը փափաքի՞ օգնել: «Իբրեւ այդ երկրէն դուրս գտնուող մէկը՝ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչպէս ու որքա՛ն պիտի կարենամ օգնել, սակայն ըսի, որ ուրախ պիտի ըլլամ ջանքեր գործադրելով այդ ուղղութեամբ: Կ’ուզեմ յարմար պահուն այցելել Երեւան, սակայն ընտանեկան պատճառներէ մեկնած՝ դեռ անյայտ են ժամկէտները:

Բոլորս պէտք է լիայոյս ըլլանք Հայաստանի ապագայի հարցով»,- ըսած է Աճեմօղլու` շեշտելով, սակայն, որ միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիլ, որ դիւրին պիտի չըլլայ արմատախիլ ընել փտած համակարգը եւ վերափոխել կաշառակերութեան վրայ հիմնուած քաղաքական համակարգը: «Ատիկա հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն բազմակողմ մօտեցման եւ նոր, լաւ կրթութիւն ստացած, իտէալիստ ու ոչ կաշառակեր անձերու՝ քաղաքականութիւն մուտք գործելու միջոցով»,- յայտարարած է Տարոն Աճեմօղլու:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 13-ին դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած էր, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Տարօն Աճեմօղլուի հետ: «Ան ըսաւ, որ պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին՝ տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ զարգացնելու հարցով: Պարոն Աճեմօղլու ընդունեց Հայաստան այցելելու իմ հրաւէրը: Այցին ժամկէտները պիտի ճշդուին յառաջիկային»,- գրած էր Փաշինեան:

Տարօն Աճեմօղլու ծնած է Թուրքիա հայկական ընտանիքի մէջ։ Ուսանած է Մեծ Բրիտանիա։ Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր համալսարաններէն մէկուն՝ Մասաչուսէթսի համալսարանի ճարտարագիտական ուսումնարանի փրոֆէսոր է: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին