Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Մեսրոպեանը Յանձնեց 2017-2018 Տարեշրջանի 64 Աւարտականներու Հունձքը

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 2017-2018 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը շքեղ արարողութեամբ մը, որուն ներկայ եղան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ աւելի քան հազար երեք հարիւր բարեկամներ: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հանդէսը նախագահեց Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեան` Զմմառու վանքի պատրիարքական փոխանորդ, Հայ կաթողիկէ կրթական խորհուրդի նախագահ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգերէն ետք խօսք առաւ զոյգ վարժարաններու տնօրէն Պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ «լիբանանահայ կրթական համակարգի նահապետներէն մէկը հանդիսացող Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 80-րդ տարին»: Ան աւելցուց. «80ամեայ յոբելեանին մենք կ’երթանք ոչ միայն արդարօրէն վաստակուած հպարտութեամբ եւ տօնական տրամադրութիւններով, այլեւ այս վարժարանը զարգացման նոր հունի մը մէջ զետեղելու կամքով եւ վճռակամութեամբ»: Տնօրէնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարի գործադրութեան պիտի դրուի համապարփակ ծրագիր մը, որուն նպատակն է բարձրացնել դպրոցին աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը. այդ ծրագիրով զարկ պիտի տրուի օտար լեզուներու եւ արհեստագիտութեան ուսուցման, պիտի բարելաւուին  մայրենիին` հայերէնի ուսուցման եղանակները, պիտի  աշխուժանայ կրթութեան մէջ արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումը, պիտի իրականացուի նոր մօտեցում` աշակերտներու նկարագրային զարգացման եւ դաստիարակութեան մէջ, հիմնովին պիտի բարեփոխուի քննութիւններու եւ գնահատականներու դրութիւնը: «Այս բոլորը պիտի կատարենք, որպէսզի Մեսրոպեանը հաստատուն քայլերով ընթանայ նոր ժամանակներու կրթական չափանիշներուն եւ պահանջներուն համաձայն, որպէսզի մեր սերունդները լաւապէս պատրաստուին իրենց իսկ ապագային համար` քրիստոնէական ամուր հոգիով, ազգային կենսունակ գիտակցութեամբ, քաղաքացիական եւ մարդկային առողջ նկարագրով եւ մրցունակ կրթութամբ», ըսաւ Պարոն Գալուստ: Ան եզրափակեց. «Մեսրոպեանի ճակատը ծածկուած է  80 տարիներու վրայ շահուած բազում դափնեպսակներով. Յաջողութեան դափնիները սակայն չեն ծանրացներ մեր ճակատն ու գլուխը, այլ հակառակը` կը վերածուին նոր թեւերու, որոնցմով Մեսրոպեանը կը շարունակէ փառապանծ թռիչքը կրթութեան երկնակամարին վրայ՝ նուաճելու համար նոր բարձունքներ` իր թեւերուն վրայ դէպի լոյս տանելով սիրասուն զաւակները մեր ազգին»:

Շրջանաւարտներու անունով խօսքեր արտասանեցին Էլի Թորանեան, Քրիսթէլ Քոշոյեան եւ Ռաքէլ Թէպէրճեան, որոնք արտայայտեցին իրենց երախտագիտական ապրումները իրենց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն հանդէպ՝ վստահեցնելով, որ ուսման թէ այլ ասպարէզներու մէջ, պիտի ըլլան կրողները այն արժէքներուն, որոնցմով կազմաւորուեցան Մեսրոպեանի մէջ:

Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Պարոն Անթուան Ապու Նոհրա, որ շեշտեց բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութիւնը արդի աշխարհին մէջ՝ կոչ ուղղելով շրջանաւարտներուն, որ չընկրկին դժուարութիւններու առջեւ, այլ ընդհակառակը, ամրապնդելով կամքերը՝ ձգտին իրենց երազներու լիակատար իրականացման: Պարոն Ապու Նոհրա դիտել տուաւ, որ միայն կրթեալ ու լուսաւորեալ սերունդներու շնորհիւ է, որ ազգն ու հայրենիքը կրնան նուաճել զարգացման նոր մակարդակներ:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր հանրայայտ գործարար, հանրային գործիչ, Լիբանանի մէջ Սալվատորի հիւպատոս Պարոն Սարգիս Սերայտարեան, որ անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ հայ կրթական համակարգի տագնապներուն՝ շեշտելով, որ հայ դպրոցի ապագային համար հարկաւոր է մէկտեղել ջանքերը եւ միասնական ճիգերով յառաջացնել բարեփոխման համապարփակ ծրագիր մը: Պարոն Սերայտարեան կարեւորութեամբ դիտել տուաւ, որ Սփիւռքի մէջ կրթական եւ ազգային զարթօնքը կը յենի հայրենակեդրոնութեան գաղափարին վրայ, ուր Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը կը դիտարկուին որպէս մէկ ամբողջութիւն` ի խնդիր միացեալ եւ զօրեղ հայրենիքի մը: 

Հանդէսի գեղարուեստական մասով, անհատական եւ խմբային ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտները, նուագի, երգի, պարի եւ ասմունքի միջոցով արտայայտելով իրենց ուրախութեամբ ու տխրութեամբ խառն ապրումները՝ դպրոցական կեանքի աւարտին առիթով:

Շրջանաւարտներուն կողմէ յաջորդ հունձքի ներկայացուցիչներուն «Մեսրոպեան Վահան»-ի փոխանցումէն ետք խօսք առաւ Զմմառու վանքի փոխմեծաւոր Հայր Անտոն վրդ. Նորատունկեան, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ Մեսրոպեանի ողջ ընտանիքը այս առիթով՝ մաղթելով, որ նոր սերուդներուն առջեւ ճամբան միշտ կանաչ ըլլայ, որպէսզի անոնք հասնին իրնեց նպատակներուն՝ ի ուրախութիւն բոլորին:

Հուսկ, վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու 64 աւարտականներուն, որոնք տօնական հրավառութենէն ետք ընդունեցին շնորհաւորանքներ:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին