Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Եւ Նախագահը Ներկայ Եղած Են Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի Մօր՝ Կրեթթա Սարգսեանի Հոգեհանգիստի Արարողութեան

Արարատի մարզի Արարատ գիւղին մէջ Մայիս 20-ի երեկոյեան սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ ՀՀ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեանի մօր՝ Կրեթթա Սարգսեանի հոգեհանգիստն էր։

Կրեթթա Սարգսեանին, որուն ժողովուրդը Կրեթթա մայրիկ կ’անուանէ, վերջին հրաժեշտը տալու եկած էին ընտանիքի բարեկամները, ընկերները, ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: 

Կրեթթա Սարգսեանը 81 տարեկան էր: Մահացաւ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, ան ատենին նաեւ ուղեղի կաթուած ունեցած է:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, «Շանթ» հեռուստաընկերութեան նորութիւններու կայքէն կը տեղեկանցեն, որ Արարատ գիւղին մէջ սպարապետի տունը եղած են ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչները:

«1in.am»-ի տեղեկացումով՝ Կրեթթա մայրիկի հոգեհանգիստի արարողութեան ներկայ էր նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ տիկնոջ հետ: Ան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Կրեթթա մայրիկի որդիներուն՝ Արամ եւ Արմէն Սարգսեաններուն եւ խոնարհելով իր յարգանքի տուրքը մատուցած է Կրեթթա մայրիկին:

Կրեթթա Սարգսեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ այսօր՝ Մայիս 21-ին՝ ժամը 14:00-ին, Արարատ գիւղի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին