Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

ՀՀ Զինուած Ուժերը Անպատասխան Չեն Ձգած Հայաստանի Սահմանի Հետ Ազրպէյճանի Շինարարական Աշխատանքները. Արծրուն Յովհաննիսեան

ՀՀ զինուած ուժերը Հայաստանի հետ սահմանին Ազրպէյճանի՝ դիրքերու բարելաւման նպատակով ձեռնարկած շինարարական աշխատանքները կը գնահատեն որպէս սադրիչ գործողութիւն եւ անպատասխան չեն ձգեր զանոնք։  Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Ազրպէյճանական ԶՈւ-երը ՀՀ ազրպէյճանական սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ ձեռնարկած են շինարարական աշխատանքներու՝ նպատակ ունենալով բարելաւել դիրքերը: Հայկական զինուած ուժերը զգուշացուցած են, որ շինարարական աշխատանքներու աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ այլ սադրիչ գործողութիւնները փոխհրաձգութիւն կը յառաջացնեն, հետեւաբար նաեւ՝ զոհեր: Հայկական զինուած ուժերը բազմիցս կոչ ըրած են զերծ մնալ իրավիճակի անտեղի լարումէն եւ կը զգուշացնեն, որ ապակայունացնող որեւէ քայլ անպատասխան պիտի չմնայ»,- նշած է Արծրուն Յովհաննիսեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին