Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հայկական ®«Թագ» Ապրանքանիշի Յուշանուէրները Արդէն Շուկայ Հանուած են

«Պիզնես Արմէնիա»-ի աջակցութեամբ ստեղծուած եւ ®«Թագ» ապրանքանիշով արտադրուած յուշանուէրները արդէն շուկայ հանուած են եւ ներկայացուած 20 վաճառակէտերու մէջ:

«Պիզնես Արմէնիա»-ի հանրային կապերու վարչութեան փոխանցումով` յուշանուէրներու խմբաքանակներ արտահանուած են նաեւ Ռուսաստան եւ Միացեալ Նահանգներ: Իսկ Հայաստանի մէջ անոնք ներկայացուած են Ազգային պատկերասրահի, թանգարաններու, յուշանուէրներու խանութներուն մէջ:

«Վաճառակէտերու թիւը յառաջիկային պիտի աւելնայ` ընդգրկելով նաեւ եկեղեցիներուն կից յուշանուէրային սրահները: Բացի այդ, արտահանման շուկան պիտի ընդլայնուի դէպի Գանատա, Ուքրանիա, Ֆրանսա»,- նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի Գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան:

«Այժմ կ’արտադրուին 15 անուն յուշանուէրներ, որոնցմէ ամենամեծ պահանջարկը ունին գլխարկները, շապիկները, թէյերն ու էջանշանները: Զուգահեռաբար աշխատանք կը տարուի առցանց վաճառք ապահովելու համար»,- նշած է «47 տիզայն» ընկերութեան տնօրէն Արսէն Մելիքսէթեան:

Տիգրան Մեծի, Փառանձեմ Թագուհիի, Հայկ Նահապետի, Պարոյր Սկայորդիի, Անահիտ աստուածուհիի պատկերներով յուշանուէրներու արտադրութեան համար յատուկ ստեղծուած է ®«Թագ» ապրանքանիշը: Ծրագիրը կ’իրականացուի պետութիւն-մասնաւոր հատուածի համագործակցութեամբ, պատկերները մշակած է եւ արտադրութիւնը կ’իրականացնէ «47 տիզայն» ընկերութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին