Հայաստանի քաղաքական ճգնաժամի խաղաղ հանգուցալուծումը եւ տնտեսական հաստատութիւններու, ինչպէս օրինակ՝ Կեդրոնական դրամատան շարունակական գործունէութիւնը նուազեցուցած է ճգնաժամի ազդեցութիւնը տնտեսութեան վրայ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին ըսուած է «Fitch» միջազգային վարկանիշային գործակալութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Անցումային շրջանի տնտեսական ճեղքը, ինչպէս կը ներկայացուի, նուազագոյն եղած է: Ֆինանսական հատուածին մէջ չէ նկատուած ապակայունացնող ճնշում դրամատնային աւանդներուն վրայ, իսկ միջազգային պահուստները կը շարունակեն խելամիտ մակարդակներու վրայ մնալ: Հումքային ապրանքներու գիներուն տեսանկիւնէն արտաքին բարենպաստ միջավայրը, արտահանման պահանջարկն ու դրամական փոխանցումներու շարունակական աճը նուազեցուցած են տնտեսութեան համար ակնկալուող վտանգները: ՀՆԱ իրական աճը 2017-ին կազմած է 7.5 տոկոս, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը բարձրացած է 10.6 տոկոսի 2018-ի առաջին եռամսեակին»,- ըսուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Գործակալութեան մէջ անդրադարձած են Նիկոլ Փաշինեանի ձեւաւորած կառավարութեան, որ ծրագիրը պէտք է ներկայացնէ մինչեւ Յունիսի առաջին կէսը՝ նշելով, որ անիկա կը ներառէ փորձառու եւ մասնաւոր հատուածի մասնագէտներ: Իրենց կարծիքով՝ որոշ գործօններ կը վկայեն մանրատնտեսական եւ ֆինանսական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ելեւմտական հաշիւներու պահպանութեան մասին: Օրինակ բերուած է Կեդրոնական դրամատունը, որ անկախութեան բարձր մակարդակ ունի, ինչպէս նաեւ ֆինանսներու նախարարի պաշտօնին նախկին նախարարի տեղակալի նշանակումը, որ կը բնորոշուի որպէս մասնագէտ: «Աճին ուղղուած բարեփոխումներու որոշ նախաձեռնութիւններ, որոնք միտուած են տնտեսութեան բազմազանութեան ու գործարար միջավայրի բարելաւման, կրնան նոյնիսկ համընկնիլ նախորդ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն հետ»,- ըսուած է Fitch-ի կայքին մէջ:
Այնուամենայնիւ, կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ առկայ է ներքին քաղաքական անորոշութիւն՝ կապուած խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ ձեւաւորուած կառավարութեան ու վարչապետի քաղաքական տարբեր ճամբարներու պատկանելիութեան հետ: Հարց կը բարձրանայ այն մասին, թէ արդեօք Նիկոլ Փաշինեան կը յաջողի՞ կառուցել եւ պահպանել խորհրդարանական մեծամասնութիւն՝ չկորսնցնելով իր աջակիցները՝ կաշառակերութեան կրճատման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման ճամբուն վրայ:
Fitch-ը չ’ակնկալեր, որ յառաջիկային Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը կը կարգաւորուի եւ հակամարտութեան սրումը տակաւին հաւանական կը համարէ:
«Հայաստանի աճի հեռանկարն ու պիւտճէական կարճաժամկէտ հարկը երկարաժամկէտի վերածելու գործընթացը, որոնք նպաստած էին Դեկտեմբերին երկրին դրական հեռանկարով B+ վարկանիշի շնորհման, կը շարունակեն կարեւոր գործօն հանդիսանալ մեր գնահատականներուն համար»,- ըսուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ: