Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Դաւիթ Տօնոյեան Եւ Զօհրապ Մնացականեան Այցելած Են Նախիջեւանեան Ուղղութեան Սահմանագիծ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այցելած են Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան սահմանագիծ` նախիջեւանեան ուղղութիւն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

«Այդտեղ ծանօթանալով ռազմական իրավիճակին` երկու նախարարները զօրամիաւորումի հրամանատարութեան հետ քննարկած են սահմանային ուղղութեան ծառայութեան առանձնայատկութիւնները։ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը հրամանատարութեան յանձնարարած է մշտապէս զգօն ըլլալ եւ չտրուիլ որեւէ սադրանքի, սակայն միշտ խստագոյնս կանխել հակառակորդի յառաջխաղացումը»,- գրած է Յովհաննիսեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին